By Asbarez | Monday, 16 July 2012
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Խումբ մը սուրիահայեր կը բողոքեն, որ չեն կրնար Հայաստան ուղղուիլ՝ օդանաւերու տոմսերու շատ սուղ ըլլալուն պատճառով։
14 Յուլիսին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին այս մասին խօսած է Հանրային խորհուրդի Երիտասարդական ենթայանձնաժողովի նախագահ Հռիփսիմէ Մարգարեանը, որ սուրիահայերու այդ հարցին անդրադարձած էր նախորդ տարի, «Արի տուն» ծրագիրի ծիրին մէջ: «Մեր հայրենակիցները չեն կարողանում գալ Հայաստան՝ ազգային փոխադրող «Արմաւիա»ի բարձր գների պատճառով: Պէտք է զեղչային համակարգ ստեղծել», դիտել տուաւ ան։ Ենթայանձնաժողովը կը շարունակէ այս հարցին անդրադառնալ եւ յառաջիկային այս մասին նամակներ պիտի յղէ Հայաստանի փոխադրութեան եւ կապի նախարարութեան:
Սուրիահայ Յարութ Փալուլեանի համաձայն, սուրիական օդանաւային ընկերութիւնները աւելի աժան գինով տոմսեր կը տրամադրեն, բայց այդ օդանաւերուն վրայ արդէն տեղ չկայ։ «Սուրիական օդանաւային ընկերութիւնը թռիչքները կը կատարէ 320, իսկ «Արմաւիա»ն 470 տոլարով», դիտել տուաւ ան։ Խօսելով Սուրիոյ մէջ տիրող կացութեան մասին՝ Փալուլեան նշեց, որ եթէ ներկայ նախարար Պաշշար Ասատը շարունակէ իշխանութեան գլխուն մնալ, այն ատեն հայերուն համար վիճակը լաւ կ՛ըլլայ, այլապէս կացութիւնը կրնայ բարդանալ։
Աւելի քան 16 ամիսէ տեղի ունեցող բախումներուն պատճառով Սուրիոյ մէջ սպաննուած է աւելի քան տասը հազար մարդ: Զոհեր տուած է նաեւ հայկական համայնքը՝ 6 անձեր, որոնցմէ չորսը Սուրիոյ բանակին մէջ ծառայող զինուորներ։
2 Յուլիսին «Արմաւիա» օդանաւային ընկերութիւնը վերսկսաւ 25 Մարտին դադրեցուցած իր Հալէպ-Երեւան թռիչքը՝ տոմսերու գիները բարձրացնելով։
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan