* To view this website properly, download the free Armenian font here »
Advertisement
Upcoming Events »
25 February , 2012: ARS Seminar - Click here for details 26 February , 2012: Film Screening: Charents - In search of my Armenian poet - Click here for details 03 March , 2012: Hayastan All-Armenian Fund: Fundraising Dinner - Click here for details 18 March , 2012: Narek Duryan in C'est la Vie - Click here for details 26 May , 2012: Mayis 28 Dinner Dance with Joseph Krikorian - Click here for details 04 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 05 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 25 February , 2012: ARS Seminar - Click here for details

Ցեղասպանութեան Վերապրողներու Անունով Դատ Թուրքիոյ Դէմ

Monday, 02 August 2010     |    |   

Source: Asbarez
Tags: turkey, armenian genocide

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- «Էսոշիէյթըտ Փրէս» լրատու գործակալութեան լրագրողներէն Լինա Տէօչ կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ բնակող երկու հայերու անունով, Հինգշաբթի, Յուլիս 29ին Թուրքիոյ կառավարութեան Կեդրոնական դրամատան եւ «Զիրաաթ» դրամատան դէմ դատ բացուած է, Հայկական Ցեղասպանութենէն ետք Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած կալուածներուն փոխարէն հատուցում ստանալու նպատակով:

Լրագրողը կը նշէ, որ Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգորդները 20րդ դարու սկիզբը անշարժ եւ շարժական գոյքերու, ինչպէս նաեւ դրամատնային հաշիւներու մէջ ունեցած գումարներուն դիմաց միլիառաւոր տոլարներու փոխհատուցում կը պահանջեն։

Դատը նախաձեռնուած է Լոս Անճելըսէն Կարպիս Տաւույեանի եւ Նիւ Եորքէն Հրայր Թուրապեանի անունով։

Դատը բացած իրաւաբաններէն Պրայըն Քապաթեք կը շեշտէ, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան վերապրողները եւ բոլոր անոնց ժառանգները պիտի կարենան միանալ այս դատին, եւ հարցին հետապնդումը կրնայ մօտաւորապէս երեք տարի տեւել:

Քապաթեքի ընկերացող իրաւաբան Մարք Կիրակոս կ՛աւելցնէ, թէ դատը հետապնդող բոլոր իրաւաբանները Հայկական Ցեղասպանութեան զոհ գացած ազգականներ ունին, որուն հետեւանքով ալ, դատը յատուկ իմաստ ունի իրենց համար: Ան կ՛աւելցնէ, թէ առաջին անգամ ըլլալով է, որ Ցեղասպանութեան հարցով ուղղակի դատական հայց կը ներկայացուի Թուրքիոյ կառավարութեան դէմ։ Դիմումին մէջ կը նշուի, թէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը եւ բանակը կազմակերպած են տեղահանութիւնները եւ ջարդերը, ու իւրացուցած են զոհերուն կալուածները:

Իրաւաբանները կը յայտնեն, թէ Ցեղասպանութենէն ետք աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ապրող հայկական համայնքներուն համար կարեւորագոյն հարցը Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչում ապահովելն է, եւ այդ դատը պիտի նպաստէ այդ նպատակի իրականացման:

Լրագրողը այս հարցով փորձած է Լոս Անճելըսի մօտ Թուրքիոյ հիւպատոսին ու խնդրոյ առարկայ երկու դրամատուներուն կարծիքները ստանալ, սակայն անոնք մերժած են պատասխանել լրագրողի հարցումներուն:

Յայտնենք, թէ 2000ին, Քալիֆորնիոյ խորհրդարանը, որ Հայկական Ցեաղսպանութեան իրողութիւնը հաստատած է, արտօնութիւն տուած էր Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգորդներուն, որ վնասուց հատուցում պահանջեն կեանքի ապահովագրութեան ընկերութիւններէն:

Հակառակ այն իրողութեան, որ Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային 9րդ շրջանային ատեանը աւելի ուշ բեկանեց այդ որոշումը, կարելի եղած էր «Նիւ Եորք Լայֆ» եւ «Աքսա» ընկերութիւններէն մօտաւորապէս 40 միլիոն տոլարի վնասուց հատուցում ապահովել:

Ուրբաթ օր, թուրք իրաւագէտներ յայտնած են, թէ դատը պէտք չէ ընդունուի ատեանին կողմէ, պնդելով, որ անոր հիմնական նպատակն է՝ Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը լուսարձակի տակ պահելը:

Facebook   Twitter   Technorati   Stumble Upon   Digg   Linked In  

Comments



Post your comments

* mandatory fields.
For security purposes, please copy the following characters into the textbox. Captcha

Headlines

Advertisement