Լիբանանի Վարչապետ Կ՛ընդունի ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը

By Aztag Daily | Tuesday, 14 July 2009

ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը Երկուշաբթի օր հանդիպում մը ունեցաւ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ, Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ։ Հանդիպումին ներկայ էր Նատեր Հարիրի։ ՀՅԴ պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան, Գառնիկ Մկրտիչեան եւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի։

Մէկ ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ կառավարութեան կազմութեան հարցը եւ երկրին մէջ տիրող քաղաքական ընդհանուր կացութիւնը։

Տեսակցութեան աւարտին երեսփոխան Բագրատունի դիտել տուաւ, որ «Հանդիպումը անցաւ դրական եւ արդիւնաբեր մթնոլորտի մէջ, ուր մենք մեր պատրաստակամութիւնը յայտնեցինք դիւրացնելու նշանակեալ վարչապետին գործը, միաժամանակ պահանջելով նախարարական աթոռ մը ՀՅ Դաշնակցութեան եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքին՝ նկատի ունենալով մեր ժողովրդային եւ խորհրդարանական ներկայացուցչութիւնը։

Բագրատունի աւելցուց, որ «Հարիրի որոշած է ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը կազմել, եւ վերջ տալ ուղղահայեաց բաժանումին, եւ այս ուղղութեամբ ան լայն համբերութիւն ունի եւ կանգ չ՛առներ խոչընդոտներու դիմաց։ Կարեւորը ազգային միասնականութեան կառավարութիւնն է՝ առանց կանգ առնելու մանրամասնութիւններու դիմաց։ Եւ երբ կը խօսինք ազգային միասնականութեան կառավարութեան մասին, կը խօսինք Լիբանանի միութեան ու ապագան միասնաբար կառուցելու մասին։

comments

Advertisement