Հալէպի Հայ Համայնքը Ապահով Վիճակի Մէջ Է, Իսկ Հասաքէի Մէջ Առեւանգուած Հայը Ազատած Է

By Asbarez | Tuesday, 24 July 2012

ՀԱԼԷՊ, «ԹերԹ», «Արմէնփրէս».- Սուրիոյ ընդդիմութիւնը վերջերս յայտարարած էր երկրի երկրորդ քաղաք Հալէպը գրաւելու որոշումին մասին: Արդէն երրորդ օրն է, որ Հալէպի տարածքին կ՛ընթանան սաստիկ մարտեր:

Հայաշատ Հալէպի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ «ԹերԹ»ին տեղեկացուցած են, թէ քաղաքը ամբողջութեամբ ամայացած է: Երթեւեկութիւնը դադրած է եւ մարդիկ դուրս չեն ելլեր իրենց տուներէն: Փողոցներուն մէջ կ՛երեւին միայն կառավարական զօրքերը, որոնց նպատակը զինեալ ընդդիմադիրներու թաքստոցները գտնելն ու զանոնք ոչնչացնելն է:

Երկուշաբթի գիշեր քաղաքին մէջ լսուած են կրակոցներու եւ ռմբակոծումներու ձայներ: Թէեւ բախումները տակաւին հեռու են հայկական թաղամասերէն, սակայն պայթումներուն ձայները կը հասնին ու ծուխը կը տեսնուի նաեւ այնտեղ: Ըստ առկայ տեղեկութիւններուն՝ վերջին օրերուն Հալէպի մէջ հայ զոհ չէ արձանագրուած:

Համայնքի ներկայացուցիչներուն խօսքով՝ թէեւ Հալէպի իրավիճակը գերլարուած է, սակայն հայերը հիմնականօրէն ապահով վայրերու մէջ են եւ անոնց վտանգ չի սպառնար: Սուրիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչներէն Նազարէթ Էլմաճեան տեղեկացուցած է, որ Հալէպի մէջ իրավիճակը տակաւին կը վերահսկուի Ասատի հաւատարիմ ուժերուն կողմէ: «Խնդիրներ կան հիմնականօրէն երեք թաղամասերու մէջ՝ Սալահ Ըլ Տինի, Սախուրի եւ Հայտարիէի մէջ», ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ նշեալ թաղամասերը ընդհանրապէս հայաշատ շրջաններ չեն:

Տեղեկութիւններ կան նաեւ այն մասին, որ փակուած է քաղաքի օդակայան տանող ճանապարհը, ուր նոյնպէս կ՛ընթանան մարտեր: Այնուամենայնիւ, Երկուշաբթի գիշեր Երեւան-Հալէպ թռիչքը կայացած է, թէեւ՝ ուշացումով:

Միւս կողմէ՝ Սուրիոյ Հասաքէ քաղաքին մէջ զինեալներ առեւանգած են հայազգի Խաչիկ Սարգիսեանը: Ըստ «Արմէնփրէս»ի տեղեկութիւններուն՝ զինեալները կանգնեցուցած են աշխատանքէն տուն վերադարձող Սարգիսեանի ինքնաշարժը եւ առեւանգած են զայն: Առեւանգումէն երեք ժամ ետք, զինեալներուն միջեւ վիճաբանութեան մէկ պահը շահագործելով՝ Խաչիկ Սարգիսեան, բարեբախտաբար, յաջողած է փախչիլ:

Յիշեցնենք, որ Սուրիոյ ընդդիմադիր Ազատ բանակի զօրավար Ապտըլ Ժապպար Օքայիտի նախապէս յայտարարած էր, որ իրենք պիտի գրաւեն Հալէպը «արիւնարբու Ասատ»էն, իսկ հոն բնակող ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւնները այդ գործողութեանց առնչութեամբ անհանգստութիւններ պէտք չէ ունենան: Ան շեշտած էր, որ Ազատ բանակը պիտի պաշտպանէ խաղաղ բնակչութիւնը, ներառեալ՝ քրիստոնեաները՝ հայերը, ասորիները, ինչպէս նաեւ ալաուիները, շիիներն ու տիւրզիները:

comments