By Asbarez | Monday, 30 July 2012
ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Անթիլիասէն ստացուած հաղորդագրութիւն մը կը տեղեկացնէ, որ Արամ Ա. կաթողիկոսը մնայուն կապի մէջ է Սուրիոյ հայութեան հոգեւոր թէ համայնքային պատասխանատուներուն հետ եւ յատուկ հոգածութեամբ ու գնահատանքով կը հետեւի անոնց աշխատանքներուն: Իմանալով կարգ մը ընտանիքներու տնտեսական դժուարութիւնները՝ վեհափառ հայրապետը անմիջապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ գումար մը տրամադրած է Հալէպի Ազգ. առաջնորդարանին, յատկացուելու համար սննդեղէնի եւ այլ անհրաժեշտ կարիքներու:
Այս առիթով, վեհափառ հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտած է Սուրիոյ հայութեան գործնապէս նեցուկ կանգնելու հրամայականը:
«Միջին Արեւելքի գաղութներու կենսունակ ու կազմակերպ պահպանումը առաջնահերթութիւն է՝ մեկնելով մեր ազգի ընդհանրական եւ գերագոյն շահերէն:
Լիբանանի հայութիւնը մնաց կանգուն լիբանանեան ահաւոր պատերազմի օրերուն, շնորհիւ իր հաւաքական կամքին, հաւատքին ու միասնականութեան:
Նոյնը կոչուած է կատարելու Սուրիոյ հայութիւնը: Արդ, զգացական արտայայտութիւններ ունենալու կամ թելադրութիւններ կատարելու ժամանակը չէ:
Հարկ է գործնապէս զօրավիգ կանգնիլ Սուրիոյ հայութեան, որպէսզի ան կարենայ յաղթահարել ներկայ դժուարութիւնները», ըսած է վեհափառ հայրապետը:
Յայտնենք, որ Արամ Ա. թելադրած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերուն նիւթական աջակցութիւն ապահովելու Սուրիոյ ազգային վարժարաններուն համար:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan