By Asbarez | Thursday, 02 August 2012
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի ազգային օդանաւային «Արմաւիա» ընկերութիւնը 2 Օգոստոսին՝ ժամը 14:01ին, կատարած է Երեւան-Հալէպ-Երեւան առաջին յաւելեալ թռիչքը։ Ընկերութեան լրատուական ծառայութենէն փոխանցուած լուրերուն համաձայն, Երեւանէն Հալէպ օդանաւը մեկնած է առանց ճամբորդներու, որովհետեւ ոչ ոք ուզած է այդ ուղղութեամբ մեկնիլ։ Թռիչքը կատարուած է 50 հոգինով ՍԱԿ-200 օդանաւով, Հալէպէն Երեւան եկող շուրջ 47 ճամբորդ կար։ ««Արմաւիա»ն չուերթն իրականացրել է՝ հաւատարիմ մնալով խօսքին՝ չնայած Երեւան-Հալէպ-Երեւան չուերթի անեկամտաբերութեանը», նշուած է ընկերութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: Առաջին յաւելեալ թռիչքը նախատեսուած էր 1 Օգոստոսին՝ Պոյինկ 108 հոգինոց օդանաւով, սակայն ճամբորդներու բացակայութեան պատճառով չկայացաւ, այդ պատճառով ալ երկրորդ թռիչքին համար աւելի փոքր օդանաւ օգտագործուեցաւ։
comments
Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողովի նոր կայքէջը
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan