Պուէնոս Այրես Ընդունած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւ Մը

By Asbarez | Thursday, 02 August 2012

ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԵՍ, «ԹերԹ».- Չորեքշաբթի, Օգոստոս 1ին Պուէնոս Այրես նահանգի Սան Իսիտրօ վարչական շրջանի քաղաքային խորհուրդը, Խուլիա Ռիտա Քուզիսի նախագահութեամբ, միաձայնութեամբ կողմ քուէարկած է 1915-1923 թուականներուն տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող բանաձեւին եւ, միաժամանակ, ընդունած է Արժանթինի Ծերակոյտին եւ Պատգամաւորներու տան կողմէ 2006ի Դեկտեմբեր 13ին ընդունուած թիւ 26199 հանրապետական օրէնքը՝ «Ի յիշատակ հայ ժողովուրդի կրած Ցեղասպանութեան»ը, որով Ապրիլ 24ը հռչակուած է «Ժողովուրդներու միջեւ հանդուրժողականութեան եւ յարգանքի օր»: Այս մասին կը տեղեկացնեն Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուական ծառայութենէն:

Սան Իսիտրոյի քաղաքային խորհուրդի նիստին ներկայ եղած են Արժանթինի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահագն Մելիքեան, Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Արժանթինի եւ Չիլիի թեմի առաջնորդ Գիսակ արք. Մուրատեան, Սան Իսիտրօ շրջանի հոգեւոր հովիւ Մաշտոց քհնյ. Առաքելեան, ինչպէս նաեւ արժանթինահայ կառոյցներու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:

Քուէարկութեան աւարտին ելոյթներ ունեցած են դեսպան Վահագն Մելիքեան եւ առաջնորդ Գիսակ արք. Մուրատեան: Անոնք մեծապէս կարեւորելով Սան Իսիտրօ քաղաքային խորհուրդին կողմէ ընդունուած սոյն բանաձեւը՝ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին անունով իրենց երախտագիտութիւնը յայտնած են՝ ճշմարտութեան եւ արդարութեան օգտին ընդունուած այս փաստաթուղթին առնչութեամբ:

comments

Advertisement