«Արմաւիա»ի Առաջին Յաւելեալ Թռիչքով Հայաստան Հասան 50 Սուրիահայեր

By Asbarez | Friday, 03 August 2012

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- 2 Օգոստոսի երեկոյեան «Արմաւիա»ի յաւելեալ թռիչքով Հայաստան հասան 50 սուրիահայեր: Օդանաւը արդէն 50 հոգինոց էր, բոլոր աթոռներն ալ գրաւուած էին։ Ասիկա ազգային օդանաւային «Արմաւիա» ընկերութեան յայտարարած շաբաթական երկրորդ թռիչքն է։

«Արմաւիա»ի կատարած յաւելեալ թռիչքի տոմսերուն գիները չեն նուազած, անոնք կը տատանին 117.000-192.000 դրամի միջեւ: Մինչդեռ, Սուրիայէն եկողները ըսին, որ Հալէպի մէջ վաճառուող «Արմաւիա»ի տոմսերը աւելի սղած էին՝ ստեղծուած կացութենէն օգտուելով յաւելեալ շահ ապահովելու միտումով։

comments