Սերժ Թանքեան Համպուրկի Համերգին Ընթացքին Կատարած Է Ցեղասպանութեան Նուիրուած Հայերէն Իր Երգը

By Asbarez | Monday, 30 August 2010

ՀԱՄՊՈՒՐԿ, <<Նիուզ>>.- Յայտնի «ռոք» երգիչ, System of a Down խումբի մեներգող Սերժ Թանքեան, Օգոստոս 24ին համերգ տուած է Համպուրկի <<Մեծ Ազատութիւն>> անունը կրող համերգասրահին մէջ: Սոյն համերգասրահը կը գտնուի այն թաղամասի տարածքին, ուր իրենց արուեստի ասպարէզը սկսած են <<Տը Պիթըլզ>> աշխարհահռչակ խումբի լիվըրփուլցի երիտասարդները: Այստեղ նաեւ ելոյթներ ունեցած են 1960ականներու սկիզբին «ռոք»ը հիմնադրած ուրիշ աստղեր:

Թանքեանի համերգին ներկայ եղած են տարբեր տարիքի ու ազգութեան մարդիկ. գերմանացիներ, յոյներ, ռուսեր, ամերիկացիներ եւ, ի հարկէ, հայեր:

Համպուրկի մէջ Սերժ Թանքեանի համերգի բացումը կատարած է <<Վիզա>> խումբը:

Ինչպէս միշտ, այս համերգին եւս Թանքեան խիստ քննադատական խօսքեր ուղղած է արեւմտեան եւ այլ աշխարհատարածքներու կառավարութիւններու հասցէին՝ զանոնք մեղադրելով պատերազմներու, բռնութիւններու եւ անարդարութիւններու համար:

Թանքեան համերգին կատարած է Ցեղասպանութեան նուիրուած իր երգը, նշելով. «ասիկա իմ հայերէն գրած առաջին երգս է, որ կը կոչուի <<Այո, ատիկա Ցեղասպանութիւն էր>>:

Թանքեան հիւրախաղերով հադնէս եկած է Եւրոպայի այլ քաղաքներու մէջ եւ իր բոլոր ելոյթներու ընթացքին կատարած է Ցեղասպանութեան նուիրուած իր երգը: Սեպտեմբեր 21ին, այս երգը, այլ երգերու կողքին պիտի մատուցուի հանրութեան այդ օր հրապարակուելիք <<Իմփըրֆեքթ Հարմընիզ>> անունով սկաւառակով:

comments

Advertisement