Արցախի Նախագահ. Կ՛ուզենք Որ Արցախը Դառնայ Հայու Երկիր

By Asbarez | Monday, 30 August 2010

Լիբանանահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումներուն շրջագիծին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Երկուշաբթի, Օգոստոս 23ի կէսօրին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիւլպենկեան» սրահին մէջ, լիբանանահայ զանգուածային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ ունեցաւ հանդիպում մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ Արցախի տագնապի լուծման, Ատրպէյճանի կողմէ հնչող ռազմատենչ յայտարարութիւններուն, ատրպեճանական կողմէն զինադադարի խախտումներուն, Արցախի բանակի մարտունակութեան, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ժողովրդավարական հոլովոյթին եւ վերաբնակեցման հարցերուն։

Մամլոյ ասուլիսը վարեց «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան:

Նախագահ Բակօ Սահակեան ներկաներուն յայտնեց, թէ իր այցելութեան նպատակն է քայլերու ձեռնարկել եւ հանդիպումներ կատարել՝ խորացնելու համար լիբանանահայ համայնքին հետ ԼՂՀի յարաբերութիւնները՝ յոյսով եւ համոզուած ըլլալով, որ այդ ամէնը առիթ կ՛ընծայեն աւելի արդիւնաւէտ գործելու։

Նախագահ Սահակեան գոհունակութիւն յայտնեց Այնճարի մէջ Մուսա լերան հերոսամարտի 95ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 70ամեակի եզրափակիչ հանդիսութիւններուն իր մասնակցութեան ու «այդ փոքրիկ Հայաստանում» իր գտնուելուն համար, եւ թուելէ ետք մինչ այդ իր իրականացուցած հանդիպումները, ներկաները հրաւիրեց իրենց հարցումները ուղղելու։

Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հարցը ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի կամ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքներուն ծիրին մէջ լուծելու կարելիութեանց՝ նախագահը յայտնեց, որ ինք Արցախի հիմնախնդիրը շրջանային հիմնախնդիր չի նկատեր, որովհետեւ Արցախի հիմնախնդիրը իր էութեամբ, բնութեամբ եւ նշանակութեամբ համաշխարհային նշանակութիւն ունեցող հիմնախնդիր է։

Ինչ կը վերաբերի ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքին, նախագահ Սահակեան յայտնեց, որ հայկական կողմի աշխատանքներուն շնորհիւ այսօր միջազգային ընտանիքը եւ ԵԱՀԿի համանախագահները կը յայտնեն, որ առանց ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը յարգելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծումը անկարելի է։ Անդրադառնալով Հայաստան-Ռուսիա վերջերս կնքուած զինուորական համաձայնութեան՝ նախագահ Սահակեան ըսաւ, որ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի Հայաստան այցելութեան ընթացքին անոր կատարած յայտարարութիւնները կու գան ընդգծելու Ռուսիոյ դերակատարութիւնը եւ մասնակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հարցի լուծման մէջ։ Ան համոզում յայտնեց, որ Ռուսիա համանախագահ միւս երկիրներուն նման շահագրգռուած է շրջանին մէջ յարատեւ խաղաղութեամբ։ Ան նաեւ նշեց, որ ներկայ յարաբերական խաղաղութիւնը ձեռք բերուած է Ռուսիոյ գործօն մասնակցութեամբ եւ մեծ դերակատարութեամբ։

Անդրադառնալով պատերազմական գործողութիւններու վերսկսման հաւանականութեան եւ Ատրպէյճանի ռազմատենչ յայտարարութեանց՝ նախագահը ըսաւ, որ Արցախի իշխանութիւնները այնքան անհեթեթ կը նկատեն այդ յայտարարութիւնները, որ անոնց արձագանգելու կարիք չեն տեսներ։ Ան յայտնեց. «Մենք հաստատակամ ենք մեր ընտրութեան մէջ եւ մեր ամբողջ ներուժը պիտի ուղղենք Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչման»։

Արցախի նախագահը նշեց, որ ԼՂՀն յայտնի պատճառներով Իրանի հետ չունի պաշտօնական յարաբերութիւններ, սակայն Իրանի հետ ունի բաւական բարեկամական յարաբերութիւններ՝ հիմնականին մէջ օգտագործելով տեղւոյն հայ համայնքին կարելիութիւնները։

Ինչ կը վերաբերի Արցախի մէջ տեղի ունեցող ժողովրդավարական հոլովոյթներուն մասին միջազգային տարբեր կազմակերպութիւններու դրական գնահատականներուն, նախագահ Սահակեան ըսաւ, որ անոնք կը համապատասխանեն իրականութեան։ Ան Արցախի ձեռքբերումներէն մէկը նկատեց ժողովրդավարական հաստատութեանց կայացումն ու քաղաքացիական հասարակութեան ձեւաւորումը։ «Արցախը հասարակական անվտանգութեան տեսակէտէ աշխարհի յառաջատար երկիրներէն մէկը կը հանդիսանայ», ընդգծեց նախագահ Սահակեան։

Նախագահ Սահակեան յայտնեց, որ Արցախի ժողովրդագրական պատկերի բարելաւման խնդիրը այսօր Արցախի իշխանութիւններուն կողմէ կը նկատուի երկրի ռազմավարական ուղղութիւններէն մէկը, որուն ծիրին մէջ կը կատարուին շարք մը նախաձեռնութիւններ։ Ան նշեց, որ իրենք կ՛ուզեն, որ Արցախը դառնայ «Հայու երկիր», ոչ միայն զբօսաշրջութեան տեսակէտէն, այլ մնայուն բնակավայր հաստատելու տեսակէտէն մեկնած, եւ այդ մէկը իշխանութիւններուն կողմէ առաջնահերթ խնդիրներու շարքին կը դասուի։

Անդրադառնալով Ռուսիա-Ատրպէյճան վերջին մերձեցումներու հարցին՝ նախագահ Սահակեան յայտնեց, որ Ռուսիա այնպիսի երկիր է, որուն պատասխանատուութիւնը չի կրնար սահմանափակուած մնալ միայն Հայաստանով եւ Արցախով, ուստի Արցախի իշխանութիւնները այդ հարցին մէջ որեւէ վտանգ չեն տեսներ։

Նախագահը անդրադարձաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի բանակի մարտունակութեան՝ զայն նկատելով Արցախի անվտանգութեան հիմնական երաշխիքը։ Ան ըսաւ, որ այդ բանակը ժողովրդական բանակ է, եւ անոր ուժը այդ իմաստէն կը բխի։ Ան նշեց, որ երկրին նախագահը, մտաւորականութիւնը եւ քաղաքացիները, բոլորը այդ բանակի զինուորներ են եւ այլապէս ալ կարելի չէ։

«Մենք պատերազմի չենք ձգտիր, մենք կողմնակից ենք վերջնական խաղաղութեան հաստատման, սակայն հաշուի առնելով Ատրպէյճանի ռազմատենչ յայտարարութիւնները, մենք նաեւ չենք բացառեր, որ անոնք այդ յայտարարութիւններուն կողքին կրնան վերսկսիլ զինուորական գործողութիւններուն։ Մենք վիճակի ենք պաշտպանելու մեր երկրի սահմանները», յայտարարեց Արցախի նախագահը։

comments