Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մերժէ Մասնակցիլ Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Բացման Հանդիսութեան

By Asbarez | Monday, 30 August 2010

ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տեղեկատուական բաժանմունքը կը հաղորդէ, թէ Թուրքիոյ ուրացման ու ժխտումի հետեւողական քաղաքականութեան եւ հայ կեանքէն ներս շփոթ ստեղծելու եւ միջազգային համայնքին՝ իբրեւ մարդկային իրաւանց պաշտպան ներկայանալու Թուրքիոյ փորձերուն դէմ յստակ կեցուածք մը որդեգրելով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը մերժէ՛ մասնակցիլ Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ պաշտօնական բացման հանդիսութեան:

Արդարեւ, բացայայտ իրողութիւն է, որ այս նախաձեռնութեան ճամբով, Թուրքիան կը փորձէ միջազգային համայնքին ու հայ ժողովուրդին ներկայանալ խաղաղասէրի, բարի դրացիի ու մարդկային իրաւունքներու պաշտպանի քօղով, որուն ետին կը գտնուի նոյն ցեղասպան Թուրքիան, իր ուրացումի ու ժխտումի նենգ դիւանագիտութեամբ:

Մեր ժողովուրդը, ինչպէս նաեւ միջազգային համայնքը քաջատեղեակ է, որ Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ տարածքին գտնուող աւելի քան երկու հազար հայկական դարաւոր վանքերն ու եկեղեցիները, Թուրքիոյ կողմէ կա՛մ քանդուած են, կա՛մ մզկիթի վերածուած եւ կամ՝ ախոռ դարձած: Այս վանքերն ու եկեղեցիները կը պատկանին հայ եկեղեցւոյ ու հայ ժողովուրդին: Այս մասին ի՞նչ ունի ըսելիք Թուրքիան: Այս մասին ի՞նչ ունի ըսելիք ու մանաւանդ ընելի՛ք միջազգային համայնքը:

Արդարեւ, այդ բազմաթիւ եկեղեցիներէն մէկը զբօսաշրջիկներ հրապուրող, ըստ ձեւի՝ եկեղեցիի, բայց ըստ էութեան՝ թանգարանի վերածելով, Թուրքիան չի՛ կրնար խաբել հայ ժողովուրդը:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը մնայ ամուր իր կեցուածքին վրայ, Թուրքիայէն պահանջելով Հայ Ժողովուրդին դէմ իր ծրագրած ու գործադրած ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ անոր հատուցումը:

comments

Advertisement