Եգիպտոսի Հայկական Երկու Դպրոցները Կը Միաւորուին

By Asbarez | Monday, 06 August 2012

ԳԱՀԻՐԷ.- 2012-2013 ուսումնական տարուան ընթաքին, Եգիպտոսի Գալուստեան Ազգային վարժարանը (հիմնադրուած 1854ին) պիտի միանայ Նուպարեան Ազային վարժարանին եւ պիտի անուանուի «Գալուստեան-Նուպարեան Ազգային վարժարան»:

2011-2012 ուսումնական տարեշրջանի տուեալներով, «Գալուստեան» կը յաճախէր 40 աշակերտ, մանկապարտէզէն մինչեւ երկրորդական դասարան, իսկ «Նուպարեան» կը յաճախէր 120 աշակերտ:

«Եգիպտոսի կառավարութիւնը յայտարարած է, որ Պուլաք թաղամասը, ներառեալ «Գալուստեան» վարժարանի շէնքը, պիտի քանդուի, սակայն դպրոց ըլլալու պարագային՝ կրնանք շինութիւնը պահել եւ հետագային վարձու տալ իբրեւ դպրոց, բայց քանի որ ներկայիս այդ տարածքը իբրեւ եկեղեցապատկան հող՝ ոչ մէկ գնորդ ունի կամ շատ ցած գինով պիտի վաճառուի, տակաւին կը մտածենք շինութիւնը պահելու մասին, սակայն այս առիթով վերջնական որոշում չէ տրուած», կը յայտնէ Գահիրէի Քաղաքական ժողովի ատենապետ Օննիկ Պըլըքտանեան: Նշենք, որ «Գալուստեան» վարժարանը Պուլաք թաղամաս տեղափոխուած է 1907ին:

Պըլըքտանեան կը տեղեկացնէ նաեւ, թէ հայագիտական նիւթերէն բացի, այլ առարկաներ դասաւանդող «բոլոր լաւագոյն ուսուցիչ-ուսուցչուհիները՝ անկախ տարիքէ, պիտի դասաւանդեն նոր դպրոցին մէջ, իսկ թոշակառու հայերէն լեզուի ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն, Ազգային առաջնորդարանը գոհացուցիչ մեծ գումար մը յատկացուցած է՝ անոնց աշխատած տարիներուն համեմատ»:

comments

Advertisement