ՀԲԸՄը Սուրիահայերուն Մէկ Միլիոն Տոլար Կը Յատկացնէ

By Asbarez | Monday, 06 August 2012

ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Սուրիոյ հայաշատ համայնքին անհրաժեշտ մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու նպատակով, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (ՀԲԸՄ) մէկ միլիոն տոլար պիտի յատկացնէ:

«Սուրիոյ մէջ ընթացող զինուած հակամարտութեանց ընդլայնումը ի թիւս այլ բնակավայրերու, լուրջ մարդասիրական ճգնաժամ յառաջացուցած է հայաշատ շրջաններու՝ Հալէպի, Դամասկոսի եւ Գամիշլիի մէջ:

Որոշ ընտանիքներ արդէն իսկ վնասներ կրած են կառավարական եւ ընդդիմադիր ուժերու բախումներուն հետեւանքով, որոնց ընթացքին նաեւ ծանր հրետանի կ՛օգտագործուի», ըսուած է ՀԲԸՄի կայքին վրայ տեղադրուած հաղորդագրութեան մէջ:

ՀԲԸՄի հաղորդագրութեան մէջ նաեւ կը նշուի, թէ օգնութեան գումարը պիտի ուղղուի Հալէպի, Դամասկոսի եւ Գամիշլիի ՀԲԸՄի կեդրոններուն՝ իրենց աշխատանքները համակարգելու նպատակով, որպէսզի օգնութիւն ցուցաբերուի այն ընտանիքներուն, որոնք կարիք ունին՝ անկախ անոնց բնակութեան վայրէն:

Կեդրոնները նաեւ պատրաստ են օգնելու այն սուրիահայերուն, որոնք ստիպուած են լքելու իրենց տուները: Արդարեւ, ներկայիս կը քննարկուի Կիպրոսի ՀԲԸՄ կեդրոնի հնարաւորութիւնները՝ զայն իբրեւ ժամանակաւոր ապաստան տրամադրելու այն սուրիահայ ընտանիքներուն, որոնք ստիպուած կ՛ըլլան լքելու երկիրը:

comments

Advertisement