By Asbarez | Monday, 06 August 2012
«Լոպիինկը գլխաւորաբար կը բնորոշուի իբրեւ կառավարութեան մը եւ անոր կառոյցներուն վրայ ազդեցութեան նպատակով իրականացուող գործընթաց՝ վարելու համար այնպիսի քաղաքականութիւն, որ կը ծառայէ որեւէ խումբի մը շահերուն», նման բնորոշումով, «Եուրեժիա Ռիվիու»ն անդրադարձած է ԱՄՆի մէջ գործող «էթնիք լոպիինկ»ի ամենաուժեղ խումբերուն՝ «Էթնիք լոպպինկը ԱՄՆի արտաքին քաղաքականութեան Մէջ» խորագիրով:
Յօդուածագիր Ղուրպանզատէ սոյն անդրադարձով կը նշէ, թէ Միացեալ Նահանգներու մէջ քաղաքական ազդեցութեան համար ցեղային հիմքով մղուող մրցակցութեան արմատները կը հասնին 20րդ դարասկիզբին:
«Ներկայիս, էթնիկ խումբերը ամէն տարի միլիոնաւոր տոլարներ կը ծախսեն մրցակից լոպիիստներու ազդեցութիւնը արգելափակելու համար», կը գրէ Ղուրպանզատէ:
2010ի տուեալներով՝ ԱՄՆի մէջ կայ ազգային շահեր պաշտպանող 24,000 գրանցուած կազմակերպութիւն: 1980ականներուն համեմատ՝ այդ կազմակերպութիւններուն թիւը աճած է 64 տոկոսով: Յօդուածագիրը կ՛աւելցնէ, թէ ըստ «Ֆորըն Ըֆերզ» ամսագիրին՝ ԱՄՆի մէջ լոպիիստական ամենահզօր խումբերը կը պաշտպանեն Հայաստանի, Չինաստանի, Յունաստանի, Հնդկաստանի, Իրլանտայի, Իսրայէլի, Թայուանի եւ Ուքրանիոյ շահերը: Ան ԱՄՆի մէջ ամէնէն ազդեցիկ լոպպիստական խումբը կը համարէ հրէականը՝ նշելով, որ հրէական կազմակերութիւններուն շնորհիւ՝ ԱՄՆ աւելցուցած է Իսրայէլին տրամադրած իր տարեկան ռազմական օգնութեան ծաւալը (տարեկան 150 միլիոն տոլար):
«ԱՄՆի միւս երկու ազդեցիկ լոպպիստները յոյներն ու ամերիկահայերն են: Երկու խումբերը կը միաւորէ թշնամի Թուրքիոյ դէմ իրենց ունեցած օրակարգը», կը նշուի անդրադարձին մէջ, ուր նաեւ կ՛ըսուի, թէ յոյները իրենց առաջին լոպպիստական խումբը՝ Ամերիկայի Հելլենական Հիմնարկը, հիմնած են 1974ին:
«Իսկ Ամերիկայի հայկական լոպին հիմնուած է զգալի չափերու հասնող համայնքի մը վրայ, որ կէս միլիոն կը հաշուէ միայն Քալիֆորնիոյ մէջ: Ամենամեծ ընդգրկում ունեցողը Ամերիկայի Հայ Դատի գրասենեակն է (ԱՀԴԳ): Միւս ամերիկա-հայկական ազդեցիկ լոպպիստական խումբը Ամերիկայի Հայկական Ասամպլին (ԱՀԱ) է: Ամերիկա-հրէական յատուկ շահերու նման, ԱՀԴԳն ու ԱՀԱն Հայաստանի համար ապահոված են ԱՄՆի տնտեսական աջակցութիւնը, որ Իսրայէլի դրամադրուածէն ետք 2րդ ամենամեծ օգնութիւնն է՝ մէկ շունչի հաշուով: 1992էն ի վեր, Հայաստանին ԱՄՆի ցուցաբերած օգնութիւնը գերազանցած է 2 միլիառ տոլարը», կ՛աւելցնէ յօդուածագիրը:
Հեղինակին կարծիքով՝ ամերիկահայ լոպիինկը կը հակասէ ԱՄՆի ռազմավարական շահերուն, քանի որ «Թուրքիա ՆԱԹՕի անդամ է, իսկ Ատրպէյճանը աւելի գրաւիչ տնտեսական եւ ռազմավարական գործընկեր է»: Միեւնոյն ժամանակ, ան նկատել կու տայ, որ «հայկական եւ յունական խումբերու ուժը՝ անցեալին թրքական եւ ատրպէյճանական լոպիներու թուլութեան արդիւնք է»:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan