Արեւմտեան Ամերիկայի Հայութիւնի Բողոքը Օպամային

By Asbarez | Sunday, 19 July 2009

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու հայկական համայնքը բողոքի նամակ մը յղած է նախագահ Պարաք Օպամային (Տես՝ յաջորդ լուրը), յայտնելով իրենց մտահոգութիւնը՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն, որոնց շարքին նաեւ նախագահ Օպամայի, հրապարակած վերջին յայտարարութեան հանդէպ:

Նամակը ստորագրուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանի, Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Ամերիկայի առաջնորդարանի, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանչական միութեան, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան, Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (Արեւմտեան Ամերիկա) եւ Հայ Դատի յանձնախումբի (Արեւմտեան Ամերիկա) կողմէ:

Նոյն յայտարարութեան առիթով, Արեւմտեան Ամերիկայի համայնքի վերոնշեալ կազմակերպութիւններուն կողմէ բողոքի նամակներ յղուած են նաեւ Ուաշինկթընի մօտ Մինսկի խումբի համանախագահ միւս երկու երկիրներու՝ Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի դեսպաններուն՝ Սերգէյ Կոսլիաքի եւ Փիեռ Վիմոնթի:

Մամուլով արդէն հրապարակուած է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի բողոքի նամակը՝ ուղղուած նախագահ Օպամային: Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը վերջին քանի մը օրերուն, տասնեակ հազարաւոր հայորդիներու յղած է համացանցային նամակներ՝ կոչ ուղղելով անոնց, որ նախագահ Օպամային փոխանցեն իրենց մտահոգութիւնը համանախագահներու նախաձեռնութեան վերաբերեալ, եւ յայտնեն իրենց պահանջները՝ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչման ուղղութեամբ:

ՀՅԴ Արեւմտեան եւ Արեւելեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէներու ներկայացուցիչներ Աւետիք Իզմիրլեանի եւ Անդրանիկ Գասպարեանի ստորագրութեամբ, վերջին իրադարձութեանց շուրջ ՀՅԴի մտահոգութիւններն ու պահանջները բանաձեւող նամակ մը յղուած է նաեւ Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպան Թաթուլ Մարգարեանին (բնագիրը տես՝ յաջորդ լուր):

comments

Advertisement