By Asbarez | Thursday, 16 August 2012
Հալէպի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոսարանը արդէն 8րդ օրն է որ Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու համար փաստաթուղթեր եւ դիմումներ չ՛ընդունիր սուրիահայերէն. այս մասին յայտնած են Սուրիահայ համայնքէն:
Յիշեցնենք, որ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի առաջարկով, Յուլիս 26ին ՀՀ կառավարութիւնը որոշում ընդունեց Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայ քաղաքացիներուն Հայաստանի անձնագիրներ տրամադրելու գործընթացը դիւրացնելու կապակցութեամբ:
Ըստ գործող կարգի՝ եթէ այլ երկիրի մը քաղաքացին դիմէ ՀՀ քաղաքացիութիւն ձեռք բերելու խնդրանքով, ապա անոր անձնագիր կը տրամադրուի Հայաստանի ոստիկանութեան վիզաներու եւ անձնագիրներու վարչութենէն: Սակայն նոր որոշումով՝ ոուրիահայերու պարագային այդ անձնագիրները կարելի է տրամադրել նաեւ Սուրիոյ մօտ Հայաստանի դիւանագիտական հիմնարկներէն, այսինքն՝ ներկայացուցչութիւններէն եւ հիւպատոսարաններէն:
«Կառավարութեան որոշումն ուժի մէջ է մտնում օրէնքով նախատեսուած կարգով, պաշտօնական հրապարակման յաջորդ օրուանից», «Թերթ»ի հետ զրոյցի ընթացքին նշեալ հարցը ապարզաբանած է արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Տիգրան Բալայեանը: Այսինքն՝ ըստ Տ. Բալայէանի՝ այս կարգը տակաւին ուժի մէջ չէ մտած:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan