By Asbarez | Monday, 20 August 2012
ՓԱՐԻԶ, «ՓանԱրմինիըն».- Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս Երկուշաբթի, Օգոստոս 20ին յայտնեց, թէ չի բացառեր, որ Փարիզի մէջ դարձեալ քննուի Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնելու մասին օրինագիծ մը վաւերացնելու հարցը:
Թուրքիա կատարած իր այցելութեան ընթացքին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Ֆապիւս պատասխանած է լրագրողներէն մէկուն այն հարցումին, թէ Ֆրանսայի մէջ իբրեւ թէ կը խօսուի այն մասին, որ նման օրինագիծ այլեւս պիտի չներկայացուի խորհրդարան, հակառակ անոր, որ նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ յայտարարած էր, թէ բանաձեւը պիտի վերադառնայ օրակարգ:
Իբրեւ պատասխան, Լորան Ֆապիւս նախ յիշեցուց, որ նախընտրական շրջանին նման յայտարարութիւններ կատարած են թէ՛ Նիքոլա Սարքոզին եւ թէ Հոլանտը, ապա աւելցուց. «Կը հաւատամ, որ կը գտնուին լուծումներ, որոնք զուրկ են զգացականութենէ»՝ չհերքելով նոր օրինագիծի մը հնարաւորութիւնը:
Ֆրանսայի խորհրդարանն ու Ծերակոյտը վաւերացուցած էին ցեղասպանութիւններու, ներառեալ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծ մը, սակայն անցած Փետրուար 29ին, Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդը օրինագիծը ոչ սահմանադրական նկատած էր:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan