By Asbarez | Tuesday, 21 August 2012
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ կատարուած համացանցային հարցախոյզի մը համաձայն՝ հարցախոյզին մասնակցող իւրաքանչիւր 11 մասնակիցներէն գրեթէ տասն կ՛ընդդիմանայ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու նպատակով ստորագրուած արձանագրութեանց եւ կը փափաքի, որ Հայաստանի կառավարութիւնը իր օրակարգէն վերցնէ այդ հարցը:
«Ֆէյսպուք» ընկերային ցանցին վրայ հաստատուած Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կայքէջին միջոցաւ կատարուած այս հարցախոյզը կը շարունակուի եւ անոր կրնան մասնակցիլ անոնք, որոնք անդամ են այդ ընկերային ցանցին, եւ պայման չէ, որ անոնք Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի «բարեկամներ» ըլլան:
Հարցախոյզի հարցումն է՝ «Ժամանակը հասա՞ծ է, որ Հայաստան քաշուի Թուրքիա-Հայաստան արձանագրութիւններէն»: Մինչեւ Երկուշաբթի, Օգոստոս 20ի յետմիջօրէի տուեալներով՝ 1093 մասնակիցներ «այո» ըսած են, իսկ 106 ուրիշներ՝ «ո»չ: Հարցախոյզին մասնակցելու կամ արդիւնքին հետեւելու համար, այցելել www.facebook.com/ancagrassroots կայքէջը:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan