Հալէպի Հայկական Թաղամասերուն Մէջ Կռիւները Սրած Են

By Asbarez | Tuesday, 21 August 2012

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».–  Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան «Երկիր Մետիա»ին հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին անդրադառնալով Հալէպի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն՝ յայտնած է, որ կռիւները սկսած են սաստկանալու հայկական թաղամասերուն մէջ։

Ան ըսած է. «Նախորդ քանի մը օրերուն ընթացքին Սուրիոյ մէջ բախումները ուղղակիօրէն մօտեցած են հայկական շրջաններուն՝ ոչ միայն Հալէպի, այլ նաեւ հայաբնակ այլ վայրերու մէջ։ Օրինակ, Շաբաթ օրը շուրջ 200 քիլօկրամ կշռող ռումբ մը պայթեցաւ Գամիշլիի Սեւան փողոցին մէջ եւ հսկայական փոս յառաջացած է:  Բարեբախտաբար, ըստ պաշտօնական աղբիւրներուն, զոհեր չկան:

«Տեղական լրատուամիջոցներուն համաձայն, նախորդ 2-3 օրերուն ընթացքին բանակը վերահսկողութեան տակ առած է Թուրքիոյ սահմանակից Քեսապ հայաւանը, ուր վերջին շրջանին քանի մը անգամ բախումներ տեղի ունեցած էին բանակին եւ ապստամբողներուն միջեւ։

«Կիրակի օրուընէ հայաշատ շրջաններուն մէջ բախումներ տեղի կ՛ունենան ընդդիմադիրներուն եւ բանակին միջեւ, անոնք հասած են մինչեւ  Դիլալ-Ճէտիտիյէ շրջան, որ նշանաւոր է իբրեւ Հալէպի Ազգային առաջնորդարանին մօտիկ շրջան եւ ժամանակին հայաշատ եղած է: Այս դէպքերէն ետք շրջանին մէջ հայկական բնակչութիւն չունինք, սակայն այդտեղ կը գտնուի պատմական Քառասուն Մանկանց եկեղեցին, դիմացը Բերիոյ թեմի ազգային առաջնորդարանն է, քանի մը թաղ անդին հայկական Կիլիկեան վարժարանը կայ, հոն կը գտնուին նաեւ հայ ոսկերիչներու եւ արծաթագործներու բազմաթիւ խանութներ:

«20 Օգոստոսին բախումներ տեղի ունեցած են նաեւ հայաշատ Սուլէյմանիյէի, Միտանի եւ այլ շրջաններու մէջ: Բարեբախտաբար, սուրիահայ զոհեր եւ վիրաւորներ չկան, ոչ մէկ կառոյց վնասուած է։

«Կռիւներ տեղի ունեցած են նաեւ Սահակեան ազգային վարժարանին կից գտնուող տարածքին մէջ, ուր սպաննուած է ճափոնցի լրագրող մը, իսկ  3 արաբ լրագրողներու ճակատագիրը անյայտ է», յայտնած է Ռէյիսեան։

comments