By Asbarez | Monday, 20 September 2010
ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսական <<Իթար-Թասս>> լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Ռապըրթ Կէյց, մեկնաբանելով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ բանակցութիւններու արդիւնքները՝ յայտարարած է, որ անհրաժեշտ է վերականգնել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բախումները կանխելու ուղղուած ջանքերը։
Փենթակոնէն աղբիւր մը լրատու գործակալութեան յայտնած է, թէ կողմերը կարճ քննարկում կատարած են Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ վերջին իրադարձութեան առնչութեամբ։ Ըստ աղբիւրին, Կէյց ըսած է. <<Մենք պէտք է վերականգնենք ջանքերը՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բռնութիւնը կանխելու համար>>։
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչը նաեւ նշած է, որ կողմերը քննած են Կովկասին վերաբերող շարք մը հարցեր։ Ըստ անոր, Կէյց ընդգծած է, որ անհրաժեշտ է յարգել Վրաստանի մէջ 2008ի Օգոստոսին կնքուած հրադադարի համաձայնագիրը եւ ռուսական կողմին կոչ ուղղած է աւելի թափանցիկ գործելաոճ որդեգրելու տարածաշրջանին մէջ իր սպառազինութեան առնչութեամբ։
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan