By Asbarez | Monday, 27 August 2012
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Սուրիոյ հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները Արամ Ա. կաթողիկոսի եւ Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան աշխատանքներուն մէջ կը շարունակեն առաջնահերթ տեղ գրաւել: Վեհափառը մնայուն կապի մէջ է Սուրիոյ մեր հոգեւոր ու համայնքային պատասխանատուներուն հետ: Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առթիւ իր հայրապետական պատգամին մէջ, վեհափառը կոչ ուղղեց Սուրիոյ հայութեան անմիջական օգնութեան՝ շեշտելով, որ «Սուրիոյ հայ գաղութը պատմական գաղութ է, կազմակերպ ու աշխոյժ գաղութ է ու յատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Սփիւռքի եւ թէ մեր պահանջատիրութեան համար: Հետեւաբար, անոր կազմակերպ ու կենսունակ պահպանումը համահայկական խնդիր է»:
Ապա, վեհափառը թեմերուն ուղղած իր շրջաբերական նամակով թելադրեց անմիջապէս լծուիլ Սուրիոյ հայութեան օգնութեան գործին՝ «միասնական ոգիով ու մասնակցութեամբը տուեալ գաղութի բոլոր կառոյցներուն»: Վեհափառը շեշտեց, որ «համահայկական տագնապները համահայկական ճիգով հարկ է դիմագրաւել՝ հեռու ամէն տեսակ ներքին զգայնութիւններէ»: Եւ նկատի ունենալով Սուրիոյ հայութեան օգնութեան անյետաձգելի հրամայականը, եւ որպէսզի ինք կարենայ մօտէն հետեւիլ այս ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն՝ վեհափառը ջնջեց յառաջիկայ Հոկտեմբերին իր կատարելիք հովուապետական այցելութիւնը դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմ:
Կիրակի, Օգոստոս 26ին, Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան ժողովին, դարձեալ լայնօրէն քննարկուեցաւ Սուրիոյ հայութեան ներկայ կացութիւնը: Վեհափառը ողջունեց համայնքի հոգեւոր ու աշխարհական պատասխանատուներուն նուիրեալ աշխատանքը, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդին խոր հաւատքը ու ամուր վճռակամութիւնը՝ կառչած մնալու իր կառոյցներուն ու սուրիական հայրենիքին:
«Դժբախտաբար, որոշ լրատուական օրկաններ եւ կրօնական ու քաղաքական որոշ շրջանակներ, հայ թէ օտար, միակողմանի ու անճիշդ կերպով կը ներկայացնեն Սուրիոյ հայութիւնը ու յատկապէս սուրիական տագնապին գծով անոր մօտեցումները: Ենթադրութիւններու վրայ հիմնուած վերլուծումները ու վերագրումները սկսած են սխալ տպաւորութիւններ յառաջացնելու Սուրիոյ մեր համայնքին նկատմամբ», նշեց ան:
Վեհափառը աւելցուց. «Հարկ է ըլլալ արթուն, զգօն եւ զգոյշ. այս կացութեան մէջ պէտք չէ անտեսել նաեւ թրքական գործօնը»: Շարունակելով իր խօսքը՝ ան կարեւորութեամբ յիշեցուց, թէ «Սուրիոյ հայութիւնը տէրն է իր ճակատագիրին: Ան անբաժան մասն է սուրիական հայրենիքին, ջերմօրէն հաւատացողն է քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան. կապուած կը մնայ Սուրիոյ ընդհանրական ու գերագոյն շահերուն եւ կը մերժէ որեւէ արտաքին ճնշում, որ կը փորձէ հարցականի տակ առնել իր կապուածութիւնը Սուրիոյ ու իր ազնիւ ժողովուրդին, որոնց հանդէպ ինք կը մնայ երախտապարտ՝ երբե՛ք չմոռնալով եղբայրական այն ոգին, որ ցոյց տրուեցաւ հայ ժողովուրդին նկատմամբ թրքական ջարդերէն ետք»: Վեհափառը միաժամանակ յիշեցուց, որ «հայ ժողովուրդի զաւակները, ո՛ւր ալ ըլլան, միշտ յանձնառու կը մնան արդարութեան, խաղաղութեան, ազատութեան, ինչպէս նաեւ կրօններու, մշակոյթներու ու ազգերու խաղաղ գոյակցութեան»:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan