By Asbarez | Monday, 27 August 2012
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա», «Թերթ».- Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան, «Երկիր Մեդիա»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ Հալէպի յատկապէս ամբողջութեամբ հայաբնակ Նոր Գիւղի եւ Մայսալունի շրջաններուն, նաեւ հայկական Սուլէյմանիէ թաղամասին մէջ բախումները կը շարունակուին։ Անոր համաձայն, ցարդ զոհերու մասին նոր տեղեկութիւններ չկան, բայց կան վիրաւորներ։
Ռէյիսեանի համաձայն, Հալէպի հայկական ծերանոցի շրջանը կարծէք սահմանագիծ դարձած է ընդդիմութեան եւ կառավարական ուժերուն միջեւ կռիւներու. հոն յաճախակի են պայթիւնները, կրակոցներն ալ գրեթէ անպակաս են: Սակայն ծերանոցին մէջ գտնուող ծերերը անվտանգ են: Ռմբակոծումները չեն դադրիր նաեւ «Սահակեան» վարժարանի չորս կողմը:
Միւս կողմէ, «Akhbar-TS»ի համաձայն, Սուրիոյ քրիստոնեայ համայնքներուն առաջնորդները Շաբաթ օր Հալէպի մէջ հրապարակած են միացեալ յայտարարութիւն մը, որուն մէջ անոնք կը հաստատեն, որ դէմ են «որեւէ տեսակի գաղթի, որուն դիմելու կոչ կ՛ուղղեն որոշ կողմեր». անոնք նաեւ քննադատած են «սպառնալիքներու լեզուն»։
Յայտարարութեան մէջ ըսուած է, որ «միակ ընդունելին կառուցողական երկխօսութեան լեզուն է»:
Համայնքի ղեկավարները հաւաքուած են ասորական եկեղեցւոյ մէջ, ուր հաստատած են, որ՝ «Քրիստոնեաները Սուրիոյ բնիկներէն են եւ պիտի մնան հայրենի հողի վրայ»:
Սուրիոյ քրիստոնեաները քննադատած են «կրօնական ծայրայեղութեան որեւէ դրսեւորում» եւ խաղաղութեան կոչ ուղղած են հակամարտող կողմերուն:
Հոգեւոր առաջնորդները հերքած են նաեւ իրենց առնչութիւնը՝ օրեր առաջ համացանցով տարածուած «Հալէպի հոգեւորականներու ճակատին» վերագրուող «Հալէպի քրիստոնեաներու եւ իսլամներու միջեւ անվտանգութեան եւ խաղաղ համագոյակցութեան մասին» վերնագիրով յայտարարութեան, որով քրիստոնեաները իբր թէ կոչ ուղղած են իրենց համայնքներու ներկայացուցիչներուն՝ կանգնելու «Ազատ բանակի կողքին» եւ քննադատած «Ասատի ուժերուն գործած աւերները»:
Սուրիոյ քրիստոնեաները նոյն յայտարարութեան ծիրին մէջ ողջունած են Հռոմի պապին Սեպտեմբերին ծրագրուած Լիբանան այցելութիւնը:
Իր կարգին, Ազատ բանակի ղեկավարութիւնը հարցազրոյցով մը հերքած է օրեր առաջ համացանցով տարածուած, Սուրիոյ հայերուն ուղղուած սպառնալիքով լեցուն յայտարարութիւնը՝ զայն անուանելով կեղծիք եւ անոր համար մեղադրելով Սուրիոյ իշխանութիւնները:
Հայ առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդները եւս պատկերասփիւռի կայանին միջոցով նոյն յայտարարութեան առնչութեամբ նշած են, որ անիկա «կրօնական համայնքները քաղաքականութեան մէջ ներգրաւելու փորձ է. այնպիսի քաղաքականութիւն, որուն հետ եկեղեցին կապ չունի»:
«Akhbar-TS»ը կը վկայակոչէ նաեւ անանուն աղբիւր մը՝ Հայ առաքելական եկեղեցիէն, որ ըսած է. «Հայկական համայնքը միշտ ալ բարձր գնահատած է այն իրողութիւնը, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ատեն Սուրիոյ ժողովուրդը ընդունած է հայ համայնքը, որ դէմ է որեւէ տեսակի բռնութեան»:
Աղբիւրը նաեւ հերքած է այն տարաձայնութիւնները, որոնց համաձայն, «հայկական համայնքը առանձին համայնք է սուրիական հասարակութեան մէջ»՝ ընդգծելով, որ «Սուրիոյ 3 գլխաւոր համայնքներուն հիմքը կը հանդիսանան հայկական ծագումով սուրիացիները, եւ որ հայերը Սուրիոյ ժողովուրդին մէկ բաղադրիչ մասն են»:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan