Պրայզայի Թեկնածութիւնը Վաւերացնելու Գործընթացը Կը Կասեցուի

By Asbarez | Sunday, 26 September 2010

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 21ի երեկոյեան, Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի անդամ Պարպարա Պաքսըր եւ Ռապըրթ Մենենտեզ որոշեցին կասեցնել Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը Մեթիու Պրայզան նշանակելու որոշման վաւերացումի գործընթացը:

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը ողջունեց այս քայլը, որ կու գար Պրայզայի թեկնածութիւնը վաւերացնող Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին որոշումէն քանի մը ժամ ետք: Նշանակումը պէտք է վաւերացուի նաեւ Ծերակոյտի լիագումար նիստին կողմէ, սակայն Պաքսըրի եւ Մենենտեզի սոյն միջամտութեան շնորհիւ՝ այդ քննարկումը տեղի պիտի չունենայ:

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ գործավար Արամ Համբարեան յայտարարեց, թէ Պաքսըրի եւ Մենենտեզի այս որոշումին շնորհիւ կարելի եղած է «լուրջ սխալէ մը փրկել» ոչ միայն ամերիկեան արտաքին քաղաքականութիւնը, այլ նաեւ Կովկասի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու ջանքերը:

Համբարեան աւելցուց, թէ Ատրպէյճանի իշխանութեանց հետ սերտ կապեր ունեցող Պրայզա սխալ դիւանագէտն է Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին համար, եւ շեշտեց, թէ յատկապէս այս օրերուն, երբ Ատրպէյճան աւելի եւս սաստկացուցած է իր յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը, Պրայզայի նշանակումը կրնայ աղէտալի հետեւանքներ ունենալ:

Նախքան Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին կողմէ Պրայզայի թեկնածութիւնը վաւերացնելու որոշումը, Պաքսըր եւ Մենենտեզ դէմ արտայայտուեցան Պրայզայի նշանակման:

Յիշեցնենք, թէ Մենենտեզ նման քայլի մը դիմած էր 2006ին՝ կասեցնելով Ռիչըրտ Հոլպրուքը Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան նշանակելու գործընթացը:

comments