Ֆրանսայի Մէջ Ցեղասպանութեան Դասաւանդումը Իրաւունքի Հարց Է. Կ՛ըսէ Վարժապետեան

By Asbarez | Friday, 31 August 2012

ԵՐԵՒԱՆ, ՊՈԼԻՍ.- ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Հրաչ Վարժապետեան «Նիուզ» լրատուական կայքի թղթակիցին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Ֆրանսայի մէջ պատմութեան եւ աշխարհագրութեան նոր դասագիրքերու էջերուն վրայ Հայկական Ցեղասպանութեան նիւթի ընդգրկումը կը նկատուի Ֆրանսայի կրթութեան նախարարութեան յատուկ յանձնախումբի նախաձեռնութիւնը:

Ըստ անոր՝ 10րդ դասարանի (ֆրանսական կրթական համակարգին համաձայն՝ երկրորդականի 2րդ դասարանը) գիրքերուն մէջ այս բաժինի յաւելումը տեղի ունեցած է հին դասագիրքերու փոփոխութեան պատճառով: «Ցե-ղասպանութեան մասին բաժինը կազմուած է երկու էջերէ, ինչ որ մեծ աղմուկի պատճառ դարձած է Թուրքիոյ մէջ», աւելցուցած է ան:

Անդրադառնալով թրքական լրատուամիջոցներուն հաղորդած այն տեղեկութեանց, թէ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ յայտնած է, որ այս մասին տեղեկութիւն չունի, որովհետեւ դասագիրքերուն մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան կամ այլ նիւթերու ընդգրկումով կը զբաղի յանձնախումբ մը եւ ոչ թէ ինք՝ Վարժապետեան նշած է. «Շատ կարեւոր է այն, որ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին նիւթեր ընդգրկելու նախաձեռնութիւնը կը պատկանի ոչ թէ նախագահ Հոլանտին, այլ՝ կրթական հարցերով զբաղող յանձնախումբին, այլապէս՝ հարցը քաղաքական խորք պիտի ունենար: Սակայն այս պարագային յաւելումը կատարուած է կրթութեան նախարարութեան որոշումով, եւ ասիկա կը նշանակէ, թէ որոշումը քաղաքական անհրաժեշտութեան պահու թելադրանք չէ եղած»:

Պատասխանելով «Արմէնփրէս»ի հարցումներուն՝ Վարժապետեան աւելցուցած է, թէ Թուրքիա բոլոր միջոցներով կը փորձէ խոչընդոտել Ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման գործընթացը, որուն հերթական ապացոյցներէն են ֆրանսական դասագիրքերուն մէջ Ցեղասպանութեան մասին բաժին ընդգրկելու որոշումին դէմ Թուրքիոյ ազդարարութիւնները:

Վարժապետեան նշած է. «Հայ համայնքը ինքնիրեն բաւական շոյուած կը զգայ, ոչ թէ ինքնասիրութեան, այլ արդարութեան առումով, քանի որ Ցեղասպանութեան խնդիրը միջազգային հարց է: Այդ գլուխը աշխարհագրութեան եւ պատմութեան դասագիրքերուն մէջ ներառելը մեզի համար իրաւունքի հարց է, որ վերջապէս իր արդար տեղը կը գտնէ կրթական համակարգին մէջ: Հոս կայ նաեւ նախագահ Հոլանտի եւ իր կառավարութեան դերակատարութիւնը», ընդգծած է Վարժապետեան:

Թուրք վերլուծաբաններ այն կարծիքը յայտնած են, թէ այս քայլը ցոյց կու տայ, որ Ֆրանսայի նախագահը հաստատակամ է Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականօրէն պատժելի դարձնող օրինագիծը վաւերացնելու գծով:

Խօսելով Ֆրանսայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին մասին՝ Վարժապետեան նշած է, որ նախագահ Հոլանտ, ինչպէս խոստացած էր, կ՛աջակցի այս նախաձեռնութեան, եւ հայ համայնքը նախագահի աշխատակազմին հետ կ՛աշխատի այդ օրինագիծը պատրաստելու համար, հաշուի առնելով նախորդ օրինագիծին այն կէտերը, որոնք պատճառ դարձան Սահմանադրական խորհուրդին կողմէ օրինագիծի հակասահմանադրական հռչակուելուն:

Միւս կողմէ՝ «Մարմարա» կը գրէ, թէ «Էն.Թի.Վի.» կայանը անդրադարձած է Ֆրանսայի դպրոցներուն մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան դասաւանդման հարցին. կայանի թղթակիցը դիտել տուած է, որ Ֆրանսայի դպրոցներուն մէջ արդէն տարիներէ ի վեր կը դասաւանդուէր Հայկական Ցեղասպանութեան նիւթը, այսինքն՝ յատկանշական նորութիւն մը չկայ։ Միակ նորութիւնն այն է, որ Հայկական Ցեղասպանութեան դասաւանդութիւնը ամէն տարի քիչ մը առաւել տեղ կը գրաւէ դասագիրքերու էջերուն վրայ։ Դասաւանդութիւնը կը կատարուի 2001էն ի վեր, երբ Ֆրանսա պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը։ Այս դասագիրքերէն ո՛չ մէկուն մէջ հարց կը տրուի, թէ Ցեղասպանութեան պնդումը ճի՞շդ է, թէ սխալ։ Այս նիւթը անսակարկ կերպով կը դասաւանդուի Ա. Աշխարհամարտի պատմութեան մէջ։ Իսկ թէ նիւթը որքա՞ն լայն կերպով պիտի դասաւանդուի՝ ատիկա կը մնայ ուսուցիչի գնահատանքին։

«Հաշե»չ եւ «Մայնար» հրատարակչատուները Հայկական Ցեղասպանութեան նիւթը կ՛որակեն «20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւն»։ «Պելին» հրատարակչատան կողմէ 2003ին հրատարակուած դասագիրքին մէջ ըսուած է, որ ասիկա «Հայ ժողովուրդը բոլորովին բնաջինջ ընելու նպատակով գործադրուած հետեւողական ծրագիր» մըն էր։

«Նաթան» հրատարակչատան կողմէ 1999 եւ 2003 թուականներուն հրատարակուած պատմութեան գիրքին մէջ այս նիւթը մշակուած է «Պատերազմին բարբարոսութիւնը» խորագրեալ գլխուն մէջ, ուր ըսուած է, թէ «Հայկական Ցեղասպանութիւնը 20րդ դարու յաջորդող միւս սպանդներուն լրաբերն էր»։ Կարգ մը դասագիրքերու մէջ ըսուած է, որ Հիթլեր, հրեաներու դէմ իր քայլերը արդարացնելու համար, 1931 եւ 1939 թուականներուն երկու անգամ իբրեւ օրինակ մատնանշած է հայերուն տեղահանութիւնը։

Ֆրանսայի պաշտօնաթերթի 2005ի չափանիշերուն համաձայն՝ 2006էն ետք պատմութեան գիրքերուն մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան նիւթին ու յարակից լուսանկարներուն աւելի լայն տեղ կը յատկացուի, կը պատմուի նաեւ այդ թուականներուն Անատոլուի մէջ պաշտօնավարած եւրոպացի զինուորներու եւ դիւանագէտներու դիտարկումներուն մասին։

«Մայնար» հրատարակչատան դասագիրքին մէջ ըսուած է, որ «1.3 միլիոն հայեր «քաղաքական, կրօնական ու ցեղային պատճառներով սպաննուեցան», իսկ «Նաթան» հրատարակչատունը կը յիշեցնէ, որ Ցեղասպանութիւնը միջազգային բեմահարթակի վրայ 1973ին ՄԱԿի կողմէ, իսկ 1998ին՝ Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ, պաշտօնապէս ճանչցուած է։

comments