Արամ Ա. Կաթողիկոս Բողոքի Նամակ Յղեց Հունգարիոյ Նախագահին

By Asbarez | Tuesday, 04 September 2012

 

ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, իմանալէ ետք Հունգարիոյ կառավարութեան իր մօտ ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուած ատրպէյճանցի զինուորական Ռամիլ Սաֆարովը Ատրպէյճանի յանձնելու (որ 2004ին Պուտափեշտի մէջ հայկական բանակի սպայ Գուրգէն Մարգարեանը կացինահար սպաննած էր իր քնացած վիճակին մէջ) որոշումը, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի նախագահին ներում շնորհելը, անմիջապէս բողոքի նամակ մը յղեց Հունգարիոյ նախագահին:

Իր նամակին մէջ, վեհափառ հայրապետը Հունգարիոյ եւ Ատրպէյճանի կառավարութիւններուն այս քայլը կը նկատէ «բռնաբարում միջազգային օրէնքի եւ արդարութեան սկզբունքներու»: Վեհափառը կը յայտնէ, որ այս ապօրէն արարքը «ընդվզումի եւ բողոքի ահաւոր ալիք մը յառաջացուցած է հայ ժողովուրդին մօտ, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Սփիւռքի մէջ»: Շարունակելով իր խօսքը, Արամ Ա. կը շեշտէ, թէ «քաղաքական շահերը պէտք չէ ոտնակոխեն արդարութիւնը եւ մարդկային արժանապատուութիւնը»: Ապա, յայտնելէ ետք, թէ ինք որպէս հոգեւոր պետ ամբողջութեամբ կը բաժնէ հայ ժողովուրդի արդար ընդվզումը, կը յիշեցնէ, թէ «նման արարքներ երբեք չեն նպաստեր ազգերու ու պետութիւններու միջեւ բարւոք յարաբերութեան ու սերտ գործակցութեան մշակման»:

Յայտնենք, որ վեհափառ հայրապետի յիշեալ նամակը երկու միաբան հայրեր պաշտօնապէս փոխանցեցին Լիբանանի մօտ Հունգարիոյ դեսպանին:

comments

Advertisement