ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Լիբանանի Խորհրդարանի Նախագահին

By Asbarez | Monday, 04 October 2010

ՊԷՅՐՈՒԹ.- Երէկ ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց խորհրդարանի նախագահին: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ կեդրոնական կոմիտէի անդամ Աւօ Կիտանեան:

Հանդիպումին քննարկման առանցք հանդիսացան լիբանանեան ներքաղաքական իրադարձութիւնները:

 

comments