Գանատահայ Երիտասարդութիւնը Կը Բողոքէ

By Asbarez | Monday, 10 September 2012

Հայ սպայ Գուրգէն Մար-գարեանը դաժանաբար սպաննած ոճրագործ Ռամիլ Սաֆարովը ազատ արձակելու Հունգարիոյ պետութեան որոշումին եւ Ատրպէյճանի նախագահի անոր ազատութիւն տալու քայլին դէմ իբրեւ բողոք, Սեպտեմբեր 7ին Օթթաուայի մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Գանատայի Երիտասարդական միութեան կողմէ կազմակերպուած բողոքի ցոյցը, որ սկիզբ առաւ Օթթաուայի հունգարական դեսպանատան դիմաց:

ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական միութեան անդամներու կողքին բողոքի ցոյցին մասնակից էին նաեւ Թորոնթոյի ՀՕՄի ամէնօրեայ վարժարանի եւ Մոնթրէալի Ս. Յակոբ ազգային վարժարանի բարձրագոյն կարգի աշակերտները: Հայ երիտասարդութեան կողմէ բողոքի նամակ յանձնուեցաւ Հունգարիոյ դեսպանատան:

Մէկ ժամ տեւող ցոյցէն ետք, ՀՅԴ ԳԵՄի, ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» Ուսանողական միութեան, ՀԲԸՄի եւ Գանատայի Հայաստանեայց Առաքելական եկեղցւոյ Երիտասարդական միութեան անդամները ուղղուեցան դէպի ատրպէյճանական դեսպանատուն, ուր շարունակեցին բողոքի ցոյցը:

comments

Advertisement