By Asbarez | Monday, 17 September 2012
ՀԱԼԷՊ.- Սուրիահայ Համայնքապետերը հրապարակած են յայտարարութիւն մը, ուր կ՛ըսուի.
Երբ արիւնահոսութիւնը անվերջ կերպով կը շարունակուի մեր սիրելի սուրիական հայրենիքին մէջ եւ երբ սուրիահայութիւնը կը փորձէ յաղթահարել ողբալի ներկայ կացութիւնը, այս տագնապին մէջ մեզ ներքաշուած տեսնելու անյաջող փորձերը դժբախտաբար կը շարունակուին:
Սուրիահայութիւնը խաղաղ գոյակցութեան երկարամեայ պատմութեան փորձով կը յայտարարէ, որ թէ՛ նկարագիրով եւ թէ սկզբունքով ամէն տեսակի վայրագութեանց ու արիւնահեղութեանց դէմ եղող համայնք մը կտրականապէս դէ՛մ է եւ դէ՛մ կը մնայ զինեալ բախումներուն:
Մեր հաւատքն է, որ միմիա՛յն երկխօսութեան ճամբով կարելի պիտի ըլլայ վերահաստատել հաշտութիւնն ու խաղաղութիւնը սուրիական հայրենիքին մէջ, ապահովելով բոլոր համայնքներու համակեցութիւնը` հանդուրժողութեան, յարգանքի ու սիրոյ սկզբունքներով:
ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԱՊԵՏԵՐ
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan