Ամերիկայի Հայ Դատը Նեցուկ Կը Կանգնի Պաքսըրին

By Asbarez | Sunday, 17 October 2010

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Նկատի ունենալով տասնամեակներու ընթացքին ամերիկահայութեան նեցուկ կանգնելու անոր կեցուածքը, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը որոշած է Նոյեմբեր 2ին կայանալիք ընտրութեանց ընթացքին նեցուկ կանգնիլ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի անդամ վերընտրուելու Պարպարա Պաքսըրի (Քալիֆորնիա) ընտրապայքարին:

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը նաեւ կը համագործակցի <<Հայեր Պարպարա Պաքսըրի համար>> կազմակերպութեան (www.armeniansforboxer.com), որուն նպատակն է նեցուկ կանգնիլ ծերակուտականին վերընտրութիւնը ապահովելու աշխատանքներուն:

1982ին, Ծերակոյտի անդամ ընտրուելէն ի վեր, Պաքսըր միշտ նեցուկ կանգնած է Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու աշխատանքներուն եւ մասնակցած է ոգեկոչման բազմաթիւ ձեռնարկներու:

2009ին կատարած իր մէկ յայտարարութեան մէջ, Պաքսըր շեշտած է, թէ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները ցեղասպանական արշաւներուն դէմ պիտի կարենան դնել միայն, երբ հաստատեն Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը:

1991ին, ան նոր անկախութիւն հռչակած Հայաստանը այցելող առաջին քոնկրեսականներէն մէկը հանդիսացած էր՝ մօտէն ծանօթանալով Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի շրջափակման յարուցած դժուարութիւններուն, ապա ան Ատրպէյճանի տրամադրուող օժանդակութիւնները սահմանափակելու պայքար տարած էր, հակառակ քարիւղի հզօր լոպիին բանեցուցած ճնշումներուն:

Պաքսըր նաեւ մօտէն հետաքրքրուած է æուղայի մէջ Ատրպէյճանի կողմէ բնաջնջուած հայկական խաչքարերու հարցին՝ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպաններուն ճամբով Պաքուի վրայ ճնշում բանեցնելով:

Միայն վերջերս, ան կասեցուցած էր Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը Մեթիու Պրայզան նշանակելու գործընթացը, վերջինիս ատրպեճանամէտ քաղաքականութեան պատճառով: 

comments

Advertisement