Հալէպի Մէջ Հայ Մը Եւս Զոհուած Է, Դամասկոսի Մէջ Կեանքը Բնականոն Է

By Asbarez | Thursday, 27 September 2012

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Եռագոյն», «Արմէնփրէս». Հալէպի Ազգային Կիւլպէնկեան վարժարանի մօտակայքը (Թելեֆոն Հաուաի) տեղի ունեցած երկու պայթումներու պատճառով զոհուած են չորս անձեր, եւ շուրջ տասը հոգի վիրաւորուած է։  Բերիոյ թեմի ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեանի համաձայն, զոհուածներուն կարգին էր հայ մը՝  Տէր Զօրի բնակիչ Վարդան Մութաֆեանը, որ աւելի ապահով ապաստան գտնելու միտումով հաստատուած էր Հալէպ, իսկ վիրաւորներու կարգին էր Զարմիկ Նաճարեանը:

Ժիրայր Ռէյիսեան «Եռագոյն» կայքէջին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին դիտել տուած է, որ թէեւ այս պայթումներուն իբրեւ հետեւանք զոհուած ու վիրաւորուած են քրիստոնեաներ, սակայն տեղի ունեցածը պէտք չէ մեկնաբանել այնպէս, որ գործողութեան թիրախը քրիստոնեաներն են։

Ըստ Ռէյիսեանի՝ Հալէպի մէջ 27 Սեպտեմբերին կացութիւնը աւելի հանդարտ էր, կրակոցներուն ձայները կը լսուին հեռուէն: Ան նշած է, որ նկատի ունենալով այն հանգամանքը, որ ազգային դպրոցներուն մեծամասնութիւնը կը գտնուի անապահով գօտիին մէջ, Ազգային իշխանութիւնը դպրոցներուն վերաբացումը յետաձգած էր. միայն պրովէյի (9րդ) եւ պաքալորէայի (12րդ) դասարաններու աշակերտներուն դասաւանդութիւնը սկսած էր, այլ ապահով վայրերու մէջ։ Ռէյիսեան յոյս յայտնած է, որ կացութեան բարելաւումը չ՛ուշանար, որպէսզի կարելի ըլլայ դպրոցներուն դռները բանալ աշակերտութեան դիմաց։

Պատասխանելով «Եռագոյն»ի թղթակիցի այն հարցումին, որ սուրիահայերուն համար հաւաքուած օժանդակութիւնները ստանձնա՞ծ են՝ Ռէյիսեան յայտնած է, որ մէկ մասը արդէն հասած են Հալէպ, կը նախատեսուի, որ այլ օժանդակութիւններ եւս հասնին։

Միւս կողմէ, «Արմէնփրէս» գրած է, որ երեք օրէ ի վեր անյայտ կորսուած է Դամասկոսի հայ համայնքի անդամներէն Երուանդ Թելեան։ Երիտասարդին ծնողները պատմած են, որ ան տունէն դուրս ելած է ինքնաշարժը յարմար տեղ մը կանգնեցնելու համար, սակայն չէ վերադարձած։ Անհետացած է նաեւ անոր ինքնաշարժը։ Թելեաններու ունեւոր ընտանիքը կը բնակի Ապպասիին հրապարակին մօտակայքը: Կ՛ենթադրուի, որ երիտասարդը առեւանգուած է, սակայն ցարդ ոչ ոք կապ հաստատած է անոր ծնողներուն հետ։

Բայց եւ այնպէս՝ ի տարբերութիւն Հալէպի, Դամասկոսի մէջ կացութիւնը հանդարտ է, կեանքը բնականոն հունով կը շարունակուի, բնական երթեւեկ կայ քաղաքին մէջ, շուկաները բաց են, պայթումի եւ կրակոցի ձայներ չկան։ Բախումներ տեղի կ՛ունենան քաղաքի ծայրամասերու շրջաններուն մէջ։

Տեղեկութիւններ կան այն մասին, որ հայկական բոլոր դպրոցները իրենց դռները բացած են, իսկ Ազգային Սուրբ Թարգմանչաց Ճեմարանը այս տարի ընդունած է իր 512 հայ աշակերտները: Այս թիւը հարիւրով աւելի է նախորդ տարուան թիւէն:

comments