By Asbarez | Monday, 01 October 2012
Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան «Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ Հալէպի մէջ 30 Սեպտեմբերի դրութեամբ իրավիճակը աւելի կայուն էր ու հանգիստ։ Անոր համաձայն, կացութիւնը աւելի հանդարտ է եւ յուսադրող, կրակոցներուն ձայները զգալիօրէն նուազած են, հեռուէն կը լսուին ձայներ, որոնք հաւանաբար ծայրամասերը տեղի ունեցող բախումներուն արձագանգն են։ Ռէյիսեան դիտել տուած է, որ հաւանաբար յաջորդող օրերուն հայկական վարժարանները սկսին իրենց դասաւանդութեան։
Սուրիական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ զինուած ուժերը կը շարունակեն հետապնդել ապստամբ խմբաւորումները։ Հալէպի Դանա գիւղին մէջ բանակայինները յայտնաբերած են զինեալներու թաքստոց եւ մեծ վնաս հասցուցած անոնք։
Թուրքիոյ սահմանակից Հասաքէ շրջանի Գամիշլի քաղաքին մէջ 30 Սեպտեմբերին տեղի ունեցած պայթումին իբրեւ հետեւանք զոհուած են 4 անձեր, արձանագրուած են նաեւ վիրաւորներ, որոնց թիւը տակաւին չէ ճշդուած: Պայթումին պատճառով շրջակայ շինութիւնները նիւթական մեծ վնասներ կրած են։ Պայթած ռումբը կը կշռէր 1500 քիլոկրամ, մահացածներուն մէջ հայեր չկան։
«Օգնի՛ր եղբօրդ» քաղաքացիական նախաձեռնութեան ծիրին մէջ հաւաքուած 1500 տուփ սննդամթերքի առաջին օդանաւը Սուրիա պիտի ուղղուի 2 Հոկտեմբերին։
Տարբեր կառոյցներու, անհատներու եւ գործարարներու տրամադրած սննդամթերքը, ընդհանուր կշիռքով մօտ 15 թոն, արդէն քանի մը օրէ ի վեր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայաստանի երիտասարդական միութեան, «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի անդամները կը ծրարեն տուփերու մէջ: Արդէն պատրաստ է մօտաւորապէս հազար տուփ։ Ծրարումի աշխատանքները կը կատարուին ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի գրասենեակին մէջ:
Առաջին օդանաւէն ետք պիտի ուղարկուի երկրորդ օդանաւը, որ դեղօրայք պիտի փոխադրէ Սուրիա։
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan