Յակոբ Բագրատունի այցելեց Լիբանանի Նախագահին

By Ազդակ | Monday, 25 October 2010

ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Լիբանանի Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 20ին այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի, որուն հետ քննեց երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը, յատկապէս տեղական, արաբական եւ շրջանային իրադարձութիւնները։ Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցան երկիրը զգայուն այս հանգրուանին գրգռիչ յայտարարութիւններէ եւ մթնոլորտէ հեռու պահելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ հարցերուն լրջախոհութեամբ, համբերութեամբ, հանդարտութեամբ եւ զգօնութեամբ մօտենալու, եւ զանոնք երկխօսութեամբ լուծելու կարեւորութիւնը։

Այս ծիրին մէջ երեսփոխան Յ. Բագրատունի դրուատեց նախագահ Սլէյմանի ի գործ դրած ջանքերը՝ ի խնդիր երկրին խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանման։ Քննարկումի նիւթ դարձաւ նաեւ լիբանանցիներու ապրուստին առնչուած տագնապը. երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ կառավարութիւնը պէտք է այս ուղղութեամբ քայլերու դիմէ:

ԵՐԿՈՒ ՍՊԱՆԵՐ ԿԸ ՍՊԱՆՆՈՒԻՆ

Լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան երկու սպաներ Հինգշաբթի օր սպաննուեցան Մաժտալ Այնճարի մուտքին: Մաժտալ Այնճար կը գտնուի հայաբնակ Այնճար գիւղին կից: Լիբանանեան բանակի սպաներուն սպանութիւնը հետեւանք էր յանցագործներու ձերբակալման միտումով կատարուած ներխուժումի մը: Այդ յանցագործներուն շարքին էր փախուստ տուած զինուոր մը: Լիբանանեան բանակը աւելի ուշ ձերբակալեց քանի մը կասկածելիներ: Երեկոյեան Մաժտալ Այնճարը խաղաղ, սակայն զգուշաւոր մթնոլորտի մը մէջ էր: Բանակն ու ապահովութեան ուժերը մնացին պատրաստ վիճակի մէջ եւ կը շարունակեն հետապնդել այլ յանցագործներ:

comments