Ամերիկայի Հայ Դատը Նեցուկ Կը Կանգնի Շիֆին, Կաթոյին, Աշաճեանին Եւ Այլոց

By Asbarez | Monday, 25 October 2010

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը յայտարարեց, թէ նեցուկ կը կանգնի քոնկերսական Էտըմ Շիֆի վերընտրութեան, Նոյեմբեր 2ին տեղի ունենալիք Քոնկրեսի ընտրութիւններուն ընթացքին։ Քոնկրեսական Շիֆ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Ներկայացուցիչներու տան թիւ 252 բանաձեւին հեղինակն է: «Ես վստահ եմ, որ 1.5 միլիոն հայերու սպանութեան ճանաչումը մեր շահերէն կը բխի եւ պէտք է օգնենք Հայաստանին տնտեսութեան ու ապահովութեան ոլորտներուն մէջ՝ բարելաւելու համար երկրին կեանքը», յայտարարած է քոնկրեսականը։

Իր կարգին Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Քեն Խաչիկեան ընդգծեց, որ յանձնախումբը շատ կը գնահատէ Շիֆի առաջատար դերակատարութիւնը Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւին գծով։

Միաժամանակ, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը հրապարակած է Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանին ու Ծերակոյտի ընտրութեանց ընթացքին հայանպաստ դիրքորոշում որդեգրած թեկնածուներու շարքը, կոչ ընելով հայութեան, որ անոնց ի նպաստ քուէարկեն: Յատկապէս կը շեշտուի կեդրոնական Քալիֆորնիայէն «Խաչօ» Աշաճեանին (33րդ ընտրատարածք) ու 43րդ ընտրատարածքէն Մայք Կաթոյին նեցուկ կանգնելու կարեւորութիւնը: Ամբողջական ցանկը կը տպենք մեր անգլերէն բաժինով:

comments