By Asbarez | Tuesday, 09 October 2012
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս», «Եռագոյն».- «Հալէպի մէջ իրավիճակը 8 Հոկտեմբերին բաւական հանգիստ էր, մտահոգիչ դէպքեր չկային», «Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է Բերիոյ թեմի ազգային առաջնորդարանի մամլոյ խօսնակ Ժիրայր Ռէյիսեանը՝ աւելցնելով, որ ընդհանուր առմամբ՝ քաղաքին մէջ իրավիճակը կայուն է։
Անոր համաձայն, Հալէպի ծայրամասերը բախումներ կան, սակայն կեդրոնական թաղամասերուն մէջ, ինչպէս նաեւ քրիստոնէական եւ հայկական թաղերուն մէջ կրակոցներու ձայներ չեն լսուիր, եւ կարծես իրավիճակը կը բարելաւուի։ «Յուսանք, որ այսպէս կը շարունակուի եւ իրավիճակը կը լաւանայ», դիտել տուած է Ռէյիսեան:
Ան աւելցուցած է, որ Պուսթան Փաշա թաղամասին մէջ գտնուող հայկական ծերանոցի շէնքը վնասուած էր եւ անվտանգութեան դրդապատճառներով՝ անիկա փոխադրուած է աւելի ապահով վայր մը։ Անդրադառնալով հայկական դպրոցներու բացուելուն՝ մամլոյ խօսնակը նշած է, որ թէեւ դպրոցները պատրաստ են աշակերտները ընդունելու, սակայն ապահովական պատճառներով տակաւին չեն բացուած:
Ան դիտել տուած է նաեւ, որ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ եւս իրավիճակը հանգիստ է: Բախումները մերթ ընդ մերթ կը շարունակուին ծայրամասերուն մէջ:
Ըստ «Եռագոյն»ին՝ Հալէպի Նոր Գիւղ շրջանի հայ բնակիչները, որոնք իրենց բնակարանները լքած եւ հեռացած էին, այսօր արդէն կը վերադառնան: Այս մասին հաղորդուած է Բերիոյ թեմի պաշտօնական կայքէջէն: Բնակիչները, ըստ կայքէջին, կը վերադառնան՝ իրենց տուները դատարկ չձգելու համար, յատկապէս, երբ կը վստահին շրջանի ակումբի հայ տղոց, որոնք ամէն օր կը հսկեն շրջանը:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan