Ըստ Կիրօ Մանոյեանի՝ Պայտըն Ճիշդ Չէ Վարուած

By Asbarez | Monday, 01 November 2010

ԵՐԵՒԱՆ, <<Հետք>>.- Ի պատասխան այն տարաձայնութեան, թէ Հոկտեմբեր 27ին youtube.com-ի վրայ տեղադրուած տեսանիւթին մէջ ԱՄՆ փոխնախագահ Ճօ Պայտընի հետ խօսող երիտասարդը դաշնակցական է՝ ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան յայտնած է, թէ ինք չի ճանչնար այդ երիտասարդը եւ որեւէ տեղեկութիւն չունի անոր մասին։

Նոյն թեմային մասին <> թերթի խմբագիր Խաչիկ Մուրատեանը յայտնած է, թէ ամերիկահայ երիտասարդ մը զիրենք տեղեակ պահած էր, որ կը պատրաստուի youtube-ի վրայ տեղադրելու այդ տեսահոլովակը: <<Այդ պատճառով ալ մենք եղանք առաջինը, որ հրապարակեցինք զայն>>, ըսած է խմբագիրը:

Յիշեցնենք, որ տեսանիւթին մէջ Ճօ Պայտըն կը պատասխանէ հայ երիտասարդի մը հարցումին եւ կ՛ըսէ, թէ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը հեռաձայնած էր իրեն ու խնդրած՝ չնպաստել Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, այնքան ատեն, որ ընթացքի մէջ են հայ-թրքական բանակցութիւնները:

Նշենք, որ Հոկտեմբեր 27ին, նախագահ Սարգսեան պաշտօնապէս հերքեց Ճօ Պայտընի խօսքերը: <<Հայաստանի հանրապետութեան նախագահը երբեւէ չի զանգահարել ԱՄՆ փոխնախագահ Ճօ Պայտընի>> ըսաւ Հայաստանի նախագահի մամլոյ քարտուղար Արմէն Արզումանեանը:

Կիրօ Մանոյեան վստահ չէ այն փաստէն, որ Պայտըն տեղեակ եղած է, թէ իր զրոյցը կը նկարահանուի. <<Եթէ նոյնիսկ իր ասածը ճիշդ էր, իր այդպէս ասելը պատահական, անծանօթ մէկին, որ ներկայանում է իբրեւ հայ, կարծում եմ՝ ճիշդ չէր>>, նշած է Կ. Մանոյեան ու աւելցուցած. <<Յատկապէս երէկ՝ նախագահականի հերքումից եւ բացատրութիւններից յետոյ, կարծում եմ աւելի շուտ փոխնախագահ Պայտընը ուզեցել է հասկանալ այնպէս, ինչպէս իրեն ձեռնտու է, եւ ոչ անպայման ճիշդ այնպէս, ինչպէս արտայայտուել է, չնայած մինչեւ արձանագրութիւնների ստորագրումը՝ Հայաստանի իշխանութիւնները, ներառեալ՝ նախագահը, Ազգային ժողովի նախագահը ու արտգործնախարարը, այնքան յստակ չէին ասել, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումը չի խոչընդոտի Հայաստան-Թուրքիա բանակցութիւնները, ինչքան երէկ նախագահականը ասում էր: Ինչ որ մեկնաբանութիւնների տեղիք տուող մօտեցումներով հանդէս եկել էին, ինչը կարծես ձեռնտու է եղել Պայտընին, որ հասկանայ այնպէս, ինչպէս ինքը ուզեցել է հասկանալ>>:

Մանոյեանի խօսքերով, նախագահականին այս յստակ կեցուածքէն ետք, թէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը պէտք չէ պատանդ դարձնել Թուրքիոյ հետ բանակցութիւններուն, այժմ ժամանակն է, որ Սպիտակ տունը սրբագրէ իր սխալը: 

comments

Advertisement