Հալէպի Մէջ Վիրաւորուած Հայ Երիտասարդներուն Վիճակը Կայուն Է

By Asbarez | Friday, 12 October 2012

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հալէպի հայկական եւ քրիստոնէական թաղամասերուն մէջ իրավիճակը հանդարտ է, վերջին օրերուն կրակոցներու ձայներ չեն լսուիր. այս մասին հաստատած է Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեանը՝ յոյս յայտնելով, որ իրավիճակը այդպէս ալ կը շարունակուի:

Անդրադառնալով Հալէպի հայկական Նոր Գիւղ թաղամասին մէջ արձակազէնի փամփուշտով վիրաւորուած հայերու առողջական վիճակին՝ Ռէյիսեան նշած է, որ վիրաւորները բժիշկներու խիստ հսկողութեան տակ կը գտնուին եւ անոնց վիճակը կայուն է:

Նշենք, որ 10 Հոկտեմբերին արձակազէնի կրակոցէն վիրաւորուած էր Հալէպի Նոր Գիւղի բնակիչ՝ 35ամեայ Գէորգ Թալշեանը: Հոկտեմբեր 11ին եւս արձակազէն մը կրակած էր 25ամեայ Յովիկ Թամփալեանի վրայ:

Ժիրայր Ռէյիսեան 11 Հոկտեմբերի երեկոյեան յայտնած էր, որ արձակազէն մը սպաննած էր հայազգի Ժան Թահհանը:

Սուրիական «Սանա» լրատու գործակալութեան համաձայն՝ Հալէպի Քարամ Ժապալ շրջանին մէջ կառավարական ուժերուն հետ բախումներու ընթացքին տասնեակ զինեալներ սպաննուած են, նաեւ խորտակուած են անոնց ինքնաշարժները եւ զինապահեստանոցը:

comments