Հալէպի Մէջ Երկու Հայ Երիտասարդ Զոհուած Է

By Asbarez | Tuesday, 16 October 2012

Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին մէջ բախումներու թատերաբեմ դարձած Ճիտէյտէ շրջանին մէջ, Հոկտեմբեր 15ին զոհ գացած է երկու հայ երիտասարդ: Այս մասին կը տեղեկացնէ Բերիոյ թեմի լրատուական ցանցը:

Ըստ աղբիւրին՝ երիտասարդներէն մէկը 34ամեայ եագուպիէցի Օվսիա Սալիպան է, իսկ միւսը՝ 1981ի ծնունդ Միսաք Հրանդ Գահապեանը:

comments