By Asbarez | Tuesday, 30 October 2012
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս«», «Երկիր Մեդիա».- 29 Հոկտեմբերին՝ առաւօտեան ժամը 7։30ի Պէյրութէն Հալէպ ուղղուող «Զէյթունի Թուրզ» ընկերութեան հանրակառքը, երեկոյեան ժամը 6։00ի մօտերը, Հալէպէն շուրջ կէս ժամ հեռաւորութեան վրայ գտնուող Սարաքէպ շրջանին մէջ կանգնեցուած է դիմակաւոր զինեալներու կողմէ, որոնք հանրակառք ներխուժելով եւ յետ ստուգման, առանձնացուցած են հանրակառքի քրիստոնեայ ճամբորդները եւ ապա, կիներն ու երեխաները ազատ թողնելով, իրենց մօտ պահած են տղամարդիկը: Առեւանգուածները 11 հոգի են, որոնց 7ը՝ հայեր, երկուքը՝ արաբ քրիստոնեայ եւ երկուքը՝ քիւրտեր։ Առեւանգեալները, փոքր փոխադրակառքով, տարուած են անորոշ ուղղութեամբ։
Աշխատանք կը տարուի առեւանգեալներու ինքնութիւնը գիտնալու եւ անոնց ազատ արձակումը ապահովելու համար։
Առեւանգուածներու ինքնութիւնը առայժմ անյայտ է:
Իր կարգին Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան տեղեկացուցած է հայերու առեւանգման մասին: Ան դիտել տուած է, որ 10 առեւանգուածներուն անունները յստակ չեն տակաւին եւ աշխատանք կը տարուի զանոնք անվտանգ Հալէպ վերադարձնելու։ Ռէյիսեան նաեւ հերքած է այն լուրը, թէ առեւանգուածներուն փոխարէն փրկագին պահանջած են:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan