Ռէյիսեան. Հալէպի Հայաշատ Թաղամասերուն Մէջ Իրավիճակը Համեմատաբար Հանգիստ Է

By Asbarez | Thursday, 01 November 2012

ԵՐԵՒԱՆ.- Հալէպի հայաշատ եւ քրիստոնէական թաղամասերուն մէջ իրավիճակը համեմատաբար հանգիստ է: Այս մասին «Արմէնփրէս»ին տեղեկացուցած է Բերիոյ թեմի ազգային առաջնորդարանի մամլոյ խօսնակ Ժիրայր Ռէյիսեանը՝ աւելցնելով, որ որոշ թաղամասերու մէջ, սակայն, կը շարունակուին բախումները: Ռէյիսեանի խօսքով՝ հանգիստ իրավիճակին զուգահեռ, մարդոց տրամադրութիւնը աւելի լաւ է ներկայիս. անոնք կը փորձեն վերադառնալ բնականոն կեանքի: Ինչ կը վերաբերի Հալէպի մերձակայքին մէջ առեւանգուած հայերուն՝ Ռէյիսեան նշած է, որ նորութիւն չկայ: Անոնց ազատ արձակման ուղղութեամբ աշխատանքները տակաւին կը շարունակուին:

Նշենք, որ զինեալ ապստամբներ Հոկտեմբեր 29ի երեկոյեան ժամը 6ի մօտերը, Պէյրութէն Հալէպ ուղեւորուող «Զէյթունի թուրզ» ընկերութեան պատկանող հանրակառքը կանգնեցուցած են Հալէպի մօտ գտնուող Սարաքեպ քաղաքին մէջ, ապա սկսած են ստուգելու հանրակառքը: Այնուհետեւ, անոնք վար իջեցուցած են ուղեւորները եւ առանձնացուցած միայն քրիստոնեաները, ապա ազատ արձակած են կիներն ու երեխաները, սակայն իրենց մօտ պահած են 11 տղամարդիկ, որոնցմէ եօթն՝ հայազգիներ, իսկ մնացեալը՝ ասորի եւ քիւրտ:

Տեղեկութիւններ կան այն մասին, որ սեւ զգեստներով ու զինուած ապստամբները տղամարդիկը ծունկի բերած են եւ սկսած են հարուածելու, այնուհետեւ՝ տարած անորոշ ուղղութեամբ: Արդէն յայտնի է քանի մը առեւանգուածի ինքնութիւնը. Կարօ Փամփալեան, Արսէն Արոյեան, Լեւոն Զէյթունեան, հայր եւ որդի Պաշար եւ Ճորճ Ռապաթներ:

Նաեւ, բախումներ կը շարունակուին սուրիական այլ քաղաքներու մէջ: Արաբական «Սանա» գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Դամասկոսի մերձակայքը գտնուող Սէյիտէ Զէյնապ շրջանին մէջ Հոկտեմբեր 31ին տեղի ունեցած պայթումի մը հետեւանքով 11 մարդ զոհուած է եւ 25 մարդ՝ վիրաւորուած: Վիրաւորներուն մէջ կան նաեւ երեխաներ:

comments