By Asbarez | Tuesday, 06 November 2012
Ջուղայի հայկական գերեզմանատունը եւ անոր քանդումին տարբեր հանգրուաններուն լուսանկարները՝ համադրուած Սիմոն Մաղաքեանի կողմէ
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 5ին կոչ ըրաւ Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Մորնինկսթարին, որ յարգէ Ջուղայի հայկական գերեզմանատունը այցելելու իր խոստումը, զոր տուած էր Քոնկրեսին առջեւ իր վկայութեանց ընթացքին:
Ինչպէս հաղորդած էինք մեր Նոյեմբեր 6ի թիւով՝ անցեալ շաբաթ Նախիջեւան այցելած Մորնինկսթարին, «ապահովական պատճառներով», ոչնչացուած հայկական գերզմանատուները այցելելու արտօնութիւն չէր տրուած:
«Մորնինկսթար պէտք չէ ընդունի ատրպէյճանականի «ոչ»ը, այլ պէտք է շարունակէ Իլհամ Ալիեւի դուռը զարնել, որպէսզի կարելի ըլլայ այս արգելքը վերցնել, որպէսզի կարելիութիւնը ունենայ իր աչքերով տեսնելու գերեզմաններուն քանդումը: Ինչ ալ ըլլայ պարագան, յստակ է, որ իբրեւ ամերիկացիներ՝ պէտք է կասեցնենք զէնքերու վաճառքը ատրպէյճանցիներուն, որոնց զինուորները այդ զէնքերը կ՛օգտագործեն գերեզմաններ քանդելու համար: Նաեւ, պէտք է կասեցնենք տնտեսական օժանդակութիւններու տրամադրումը այնպիսի երկիրի մը, որ արտօնութիւն չի տար մեր դեսպանին այցելել խաղաղ պայմաններու տակ տեղի ունեցած մշակութային քանդումի վայրեր», յայտարարած է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեանը:
Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 6ին, պատասխանելով այս մասին լրագրողի մը ուղղած հարցումին՝ Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան բանբեր Վիքթորիա Նիւլընտ յայտնեց, թէ նախարարութիւնը տակաւին յստակ տեղեկութիւններ չունի այն մասին, թէ Մորնինկսթարին արգիլուած է այցելել Ջուղայի հայկական գերեզմանատունը:
Ջուղայի հայկական գերեզմանատան քանդումին մասին մանրամասն տեղեկութեանց համար, այցելել www.djulfa.com կայքը, իսկ միջազգային համայնքին կողմէ այդ ոճիրը հետապնդելու փորձերուն եւ ատրպէյճանական կողմին ցուցաբերած ընդդիմութեան մասին տեղեկութեանց համար, այցելել Հայ Դատի www.anca.org/assets/graphics/2011/djulfa_timeline.pdf կայքէջը:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan