Թելեթոնը 20,862,733 Տոլար Գոյացուց

By Asbarez | Tuesday, 30 November 2010

ՀՈԼԻՎՈՒՏ.- Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 25ին տեղի ունեցաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տարեկան 13րդ թելեթոնը, որուն իբրեւ արդիւնք խոստացուեցաւ 20,862,733 տոլարի նուիրատուութիւն, որ կը գերազանցէ նախորդ տարուան արդիւնքը՝ 15,875,043 տոլարը:

Գումարը պիտի տրամադրուի Արցախի գիւղերուն մէջ ըմպելի եւ ոռոգման ջուրի խնդիրի լուծման, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի սահմանամերձ գիւղերուն մէջ շարունակուող զարգացման համապարփակ ծրագիրին: 

comments