By Ազատութիւն | Tuesday, 30 November 2010
ԼԻԲԱՆԱՆ, «Ազատութիւն».- Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թ. Էրտողան Նոյեմբեր 24ին ժամանած է Լիբանան, ուր զինք դիմաւորած է երկրի պաշտօնական պատուիրակութիւնը՝ վարչապետ Սաատ Հարիրիի գլխաւորութեամբ:
Ըստ «Ազդակ» օրաթերթի խմբագիր Շահան Գանտահարեանին, նոյն ընթացքին, օդակայանին մօտ հարիւրաւոր հայ երիտասարդներ իրականացուցած են բողոքի ցոյց մը՝ պահանջատիրական կարգախօսերով ու պաստառներով բողոքելով Էրտողանի այցելութեան դէմ:
Գանտահարեան յայտնած է, որ ցոյցին մասնակիցները միայն հայկական խնդիրները չէ որ բարձրաձայնած են, այլ կոչ ըրած են նաեւ լիբանանեան հասարակութեան, քանի որ «Օսմանեան կայսրութենէն աղէտաբեր ձեւով տուժած է նաեւ Լիբանանը»:
Ըստ «ՖրանսՓրէս» լրատուական գործակալութեան փոխանցած տեղեկութիւններուն, Էրտողանի այցին դէմ հայ երիտասարդներ՝ «Լիբանանը չէ մոռցած Թուրքիոյ արիւնոտ պատմութիւնը տարածաշրջանին մէջ», «Էրտողանը պէտք է խոնարհի մեր նահատակներուն առջեւ», «Այսօրուան Թուրքիան երէկուան Թուրքիան է» գրութիւններով պաստառներ բարձրացուցած են:
Շահան Գանտահարեան նաեւ յայտնած է, թէ Պուրճ Համմուտէն դէպի Անթիլիաս ու դէպի օդակայան մայրուղիին վրայ տեղադրուած բազմաթիւ ցուցապաստառներ նախորդ գիշեր հանուած են ոստիկանութեան կողմէ, որուն դէմ եւս բողոքած են հայերը։ Այդ գծով, ՀՅԴ պատգամաւոր Յակոբ Բագրատունի տարածած է յայտարարութիւն մը՝ պահանջելով պատասխանատուութեան ենթարկել պաստառները հաւաքողները:
«Բաւական թէժ էր մթնոլորտը այդ առումով», ըսած է Շ. Գանտահարեան, յայտնելով, որ մեծ հանրահաւաք կազմակերպուած էր նաեւ Նոյեմբեր 25ին, որուն պիտի մասնակցէին հայկական աւանդական երեք կուսակցութիւնները եւ հայ համայնքը:
Նշենք, որ Էրտողան Լիբանան այցելած էր երկու օրով, որոնց ընթացքին, ըստ DPA գործակալութեան, ան հանդիպումներ ունեցած է երկրի ղեկավարներուն, ինչպէս նաեւ «Հըզպալլա»ի պատգամաւորներուն հետ:
Ըստ լիբանանեան «Ալ Սաֆիր» օրաթերթին, Ռեչեփ Թ. Էրտողան յայտնած է, թէ Թուրքիան թոյլ չի տար, որ Լիբանանի մէջ քաղաքացիական պատերազմ ըլլայ: Ան ըսած է, որ հիմա «Լիբանանի միասնութեան ժամանակն է»:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan