ՀՅԴն Կը Հանդիպի Լիբանանի Նախագահին

By Asbarez | Wednesday, 22 July 2009

Լիբանանի նախագահ զօր. Միշէլ Սլէյման Երկուշաբթի, Յուլիս 20ին ընդունեց Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունին, որուն հետ քննեց երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը։ Հանդիպումին ընթացքին երեսփոխան Յ. Բագրատունի դրուատեց նախագահ Սլէյմանին կողմէ ֆրանսահայ աշխարհահռչակ արուեստագէտ Շարլ Ազնաւուրին կատարուած մեծարանքը։

Երեքշաբթի օր, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան, Կեդր. կոմիտէի անդամ Սեպուհ Յովնանեան եւ Յակոբ Բագրատունի այցելեցին Ռապիէ, ուր հանդիպում մը ունեցան Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշէլ Աունի հետ։

Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի բաւարարուեցաւ ըսելով, թէ գաղտնապահութիւնը յաջողութեան գաղտնիքներէն է։

Միւս կողմէ, Բագրատունի կատարեց շարք մը յայտարարութիւններ, որոնց մէջ նկատել տուաւ, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները ոչինչ փոխած են լիբանանեան քաղաքական իրականութենէն. ան յայտնեց, թէ լիբանանեան քաղաքական կողմերուն միջեւ կայ վստահութեան պակաս՝ ընդգծելով, որ ՀՅԴն կը փափաքի իր իսկական մասնակցութիւնը բերել համախոհական կառավարութեան։
Բագրատունի յայտնեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր որոշումներով կը տարբերի Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի մնացեալ անդամներէն: «Օրինակ՝ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երեսփոխան Սաատ Հարիրիի անունը չառաջադրեց՝ վարչապետի պաշտօն ստանձնելու համար, մինչդեռ մենք առաջադրեցինք», ըսաւ Բագրատունի, որ նաեւ կոչ ուղղեց արագացնելու Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը:

 

comments

Advertisement