Ցեղասպանութեան Զոհերու Հատուցման Օրէնքը Սահմանադրական Կը Նկատուի

By Asbarez | Wednesday, 15 December 2010

ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ, ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը ողջունեց Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային 9րդ շրջանային ատեանին՝ Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 10ի այն որոշումը, որ թոյլ կու տայ Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու հարազատներուն հատուցում ստանալ ապահովագրական օտար ընկերութիւններէ։

«Մենք կ՛ողջունենք դաշնակցային ատեանին որոշումը, որ կրկին թոյլ կու տայ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին ըսելու ամբողջ ճշմարտութիւնը, ինչպէս նաեւ կարելիութիւն կու տայ Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգորդներուն պահանջելու իրենց օրինական իրաւունքները», ըսաւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ գործավար Արամ Համբարեան։

«Ամերիկայի բոլոր հայերուն անունով մեր շնորհակալութիւնը կը յայտնենք բոլոր անոնց, որոնք պաշտպանեցին մեր վերաքննիչ բողոքը», աւելցուց ան: Նշենք, որ ատեանը վերատեսութեան ենթարկելէ ետք, չեղեալ նկատած է 2009ին տուած իր այն որոշումը, որ կը բեկանէր Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգորդներուն կողմէ՝ իրենց անտեսուած իրաւունքներուն վերատիրանալու համար օտար ապահովագրական ընկերութիւններու դէմ դատական հարց յարուցելու Քալիֆորնիոյ նահանգային օրէնքը։

Ատեանը իր տուած որոշումը հիմնաւորած է՝ հաստատելով, որ հայերու պահանջները սահմանադրական են եւ չեն հակասեր Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան։ Նշենք, որ 2000ին Քալիֆորնիա ճանչցած էր Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգորդներուն՝ ապահովագրական ընկերութիւններէն փոխհատուցում ստանալու իրաւունքը։

Ատեանի դատաւոր Հենրի Փրեկըրսըն դիտել տուաւ, որ Ամերիկայի մէջ չկայ օրէնք մը որ նահանգներուն արգիլէ «Հայկական Ցեղասպանութիւն» բացատրութեան գործածութիւնը։ Թէեւ նախորդ դատարանի դատաւորը Տէյվիտ Թոմփսըն պաշտպանած էր այն տեսակէտը, թէ նախագահներ, ինչպէս՝ Պիլ Քլինթըն կամ Ճորճ Պուշ, դէմ եկած էին Քոնկրեսին մէջ հայկական բանաձեւի վաւերացման, Փրեկըրսըն փոխադարձեց ու յայտնեց, թէ ամերիկացի նախագահներուն գործադրած քաղաքականութիւնը պաշտօնական քաղաքականութիւն չի նկատուիր: Հայկական կողմը ներկայացող իրաւաբաններէն Պրայան Քապաթեք ըսաւ, որ «նոր որոշումը շատ անակնկալ զարգացում մըն էր եւ ասիկա մեծ յաղթանակ մըն է հայ ժողովուրդին համար»։

Թրքական մամուլը կը հաղորդէ, թէ հայերը այս նոր որոշումին լոյսին տակ մօտ ատենէն դատ կրնան բանալ գերմանական երեք ապահովագրական ընկերութիւններու դէմ՝ հատուցում պահանջելով սպաննուած հայերու ընտանիքներուն համար։

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու Թիւրքմենիստան մեկնելու ընթացքին, անդրադառնալով այս վճիռին՝ ըսած է. «Կար իրաւաբանական գործընթաց, որուն ընթացքին երկուքէն մէկը փոխեց իր տեսակէտը։ Ինչո՞ւ փոխեց՝ անհրաժեշտ է յստակացնել։ Գործընթացը վերջնականացած չէ»։

Տաւութօղլու նաեւ նշած է, որ Կովկասի համագործակցութեան ծրագիրի աշխատանքները կը շարունակուին, սակայն «հայկական ճակատին վրայ» եւ հայ-թրքական սահմանի բացման հարցով տակաւին «որեւէ փոփոխութիւն չկայ»: 

comments