Ոչ Եւս Է Ցեղասպանութիւնը Վաւերագրած ՃԷյ. Մայքըլ Յակոբեանը

By Asbarez | Wednesday, 15 December 2010

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 10ին, Քալիֆորնիոյ Թաուզընտ Օքս քաղաքին մէջ իր մահկանացուն կնքած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը վաւերագրած ՃԷյ. Մայքըլ Յակոբեանը, որ 97 տարեկան էր:

Յակոբեան բեմադրած է դաստիարակչական ու վաւերագրական մօտաւորապէս 70 շարժապատկերներ, շահելով աւելի քան 160 միջազգային մրցանակներ: Անոր գործերը նաեւ երկու առիթներով «Emmy» մրցանակի թեկնածու դարձած են: Յակոբեան հողին պիտի յանձնուի Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 15ին:

Խարբերդ ծնած ու Ցեղասպանութենէն վերապրած Յակոբեան իր կեանքը նուիրած է Ցեղասպանութիւնը վաւերագրելու աշխատանքին եւ աւելի քան 40 տարիներու ընթացքին հարցազրոցներ ունեցած է Ցեղասպանութենէն վերապրած մօտաւորապէս 400 հայորդիներու հետ՝ ճամբորդելով աշխարհի չորս կողմը: 1979ին ան հաստատած է «Armenian Film Foundation» դաստիարակչական հիմնարկը: Ան վերջերս հրէական «Շոա» կազմակերպութեան հետ համաձայնութիւն մը գոյացուցած էր, Ցեղասպանութեան ականատես վկաներու իր հարցազրոյցները եւ այլ նիւթեր համացանցին վրայ դնելու նպատակով:

Ան քաղաքական գիտութեանց ու միջազգային յարաբերութեանց մարզերուն մէջ մասնագիտացած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Պըրքլիի մասնաճիւղին ու «Հարվըրտ» համալսարանին մէջ, ստանալով դոկտորի կոչում: Համաշխարհային Բ. պատերազմի ընթացքին ամերիկեան բանակին մէջ սպասարկելէ ետք, ան դասաւանդած է զանազան համալսարաններու մէջ ու այդ ընթացքին մասնագիտացած է նաեւ շարժապատկերի մարզին մէջ: Անոր վերջին ֆիլմն է՝ The River Ran Red: 

comments

Advertisement