Ըստ Լաւրովի՝ Սուրիոյ Տագնապը Կարելի Չէ Լուծել ՄԱԿի Ճամբով

By Asbarez | Monday, 19 November 2012

ԹԵՀՐԱՆ, «Էյ.Փի.».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Կիրակի, Նոյեմբեր 18ին, Թեհրանի մէջ կայացած Սուրիական ազգային երկխօսութեան խորհրդաժողովին ուղղած իր խօսքին մէջ շեշտեց, թէ Սուրիոյ տագնապի լուծման համար կարելի չէ վստահիլ ՄԱԿին կամ Ապահովութեան խորհուրդին: Անոր գրաւոր խօսքը ներկաներուն ընթերցեց Թեհրանի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Լեւոն Չաքրեանը:

Լաւրով ըսած է, թէ Սուրիա այն երկիրներէն է, որ պէտք է իրանցի իր բարեկամներուն կողքին ըլլայ, իսկ սուրիական ընդդիմութիւնը պէտք է վարչակարգին հետ երկխօսութիւն կատարէ եւ «երկիրին դէմ նիւթուած ահաբեկչական դաւերուն դէմ կանգնի»: Ան նաեւ ցաւ յայտնած է, որ Սուրիական ազատ բանակը, Ժընեւի յայտարարութիւնը մերժելով՝ կը փորձէ զինեալ պայքարի ճամբով իշխանութեան հասնիլ:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ գրաւեալ Կոլանի բարձունքներուն վրայ գտնուող իր ուժերը հրետանիով կրակ բացած են սուրիական հողերուն ուղղութեամբ, երբ այդտեղէն արձակուած փամփուշտներ հարուածած են իսրայէլեան ռազմական ինքնաշարժ մը: Իսրայէլեան բանակի բանբերը շեշտեց, որ սուրիական կողմէն արձակուած փամփուշտները սխալմամբ արձակուած էին եւ ոչ թէ դիտաւորեալ:

comments