Սեւեան Մրցանիշ Հաստատեց՝ Ճատրակի Վարպետի Կոչում Ստանալով

By Asbarez | Monday, 20 December 2010

Սան Ֆրանսիսքոյի (Քալիֆորնիա) շրջանէն Սամուէլ Սեւեան նոր մրցանիշ մը հաստատեց Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ հանդիսանալով երկրին ճատրակի ամենափոքր տարիքի վարպետը:

Ան 2201 կէտ ապահովելով՝ այս կարեւոր իրագործումին հասաւ 9 տարի, 11 ամիս ու 11 օրէն, ինչ որ 11 օրով աւելի կանուխ է քան նախկին մրցանիշը, որ հաստատուած էր Նիքըլըս Նիփի կողմէ: 

comments