Սպանիոյ Պալէարեան Կղզիները Կը Ճանչնան Ցեղասպանութիւնը

By Asbarez | Monday, 20 December 2010

ՄԱՏՐԻՏ.- Սպանիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը Հինգշաբթի օր տեղեկացուց, թէ Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 14ին, միաձայնութեամբ վաւերացուած որոշումով մը, Սպանիոյ Պալէարեան կղզիներու շրջանային խորհրդարանը ճանչցած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը։

Հռչակագիրին մէջ կը նշուի. «1915-1921 թուականներուն, հայ ժողովուրդին դիմագրաւած տառապանքը կը համապատասխանէ 1948ին ՄԱԿի կողմէ որդեգրուած Ցեղասպանութեան հռչակագիրին «ցեղասպանութիւն» բնորոշման»։

Պալէարեան կղզիներու շրջանային խորհրդարանը իր որդեգրած որոշումին մասին պաշտօնապէս տեղեակ պահած է Սպանիոյ մօտ Հայաստանի դեսպանատունը։

«Ես կողմ կը քուէարկեմ ցեղասպանութիւններու ճանաչման, մասնաւորապէս՝ հայերու անխուսափելի պատմական արդարութեան համար, որպէսզի կանխուին հետագայ ցեղասպանութիւնները», ըսած է բանաձեւը ներկայացուցած կուսակցութենէն պատգամաւոր Միխել Անկել Եաուկեր:

Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Հիլտա Չոպոյեան ողջունեց բանաձեւին վաւերացումը:

Պալէարեան կղզիները փոքր կղզիներու խումբ մըն է, որ կը գտնուի Միջերկրական ծովուն վրայ։ Կղզիները կը գտնուին Սպանիոյ կազմին մէջ եւ ինքնավար մարզի կարգավիճակ ունին։ Պալէարեան կղզիներու կեդրոնն ու մեծագոյն քաղաքը Մայորքան է։

Յայտնենք, թէ Սպանիոյ պասքերու եւ գաթալաններու ինքնավար շրջաններու խորհրդարանները եւս ճանչցած էին Ցեղասպանութիւնը՝ միաժամանակ կոչ ընելով Սպանիոյ իշխանութեանց, որ նման քայլի դիմեն 

comments

Advertisement