Հայ Դատը Հետեւողական Պիտի Ըլլայ Օպամայի Տուած Խոստումներու Իրականացման Հարցով

By Asbarez | Wednesday, 28 November 2012

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի լրատուութեան պատասխանատու Էլիզապէթ Չուլճեան վստահեցուց, թէ Հայ Դատը հետեւողական կերպով աշխատանք պիտի տանի՝ ապահովելու համար նախագահ Պարաք Օպամայի կողմէ հայութեան տրուած խոստումներու իրականացումը, աշխատելով թէ՛ նախագահական վարչակազմին եւ թէ քոնկրեսականներուն հետ:

«Աշխատանքներ պիտի իրականացուին ի նպաստ հայկական հարցերու, ըլլայ անիկա Ամերիկա-Հայաստան կապերու հզօրացումը, Լեռնային Ղարաբաղի հարցի արդար լուծումը, կամ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը», ըսաւ Չուլճեան:

Չուլճեանի համաձայն՝ Յունուարին արդէն նոր նախագիծեր պիտի ներկայացուին յաջորդ Քոնկրեսին եւ արդէն իսկ աշխատանքներ կը տարուին այդ ուղղութեամբ: «Անշուշտ պիտի շարունակենք կոչ ուղղել նախագահին եւ, ընդհանրապէս, ամերիկեան կառավարութեան՝ ճանչնալու Հայկական Ցեղասպանութիւնը: Աւելին, պիտի շարունակենք պնդել, թէ Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ գողցուած հայկական, ինչպէս նաեւ բոլոր քրիստոնէական եկեղեցիները պէտք է վերադարձուին իրենց տէրերուն», ըսաւ ան:

2011ին Ներկայացուցիչներու տունը բանաձեւ մը վաւերացուց այս հարցով, սակայն ցարդ քանի մը եկեղեցիներ կամ եկեղեցապատկան կալուածներ վերադարձուած են, իսկ վերանորոգումներ կատարուած են ուրիշներու մէջ: Այս պատճառով, Չուլճեան կը յայտնէ, թէ ճնշումները պէտք է շարունակուին արտաքին գործոց նախարարութեան վրայ, որպէսզի անիկա լրջութեամբ մօտենայ եկեղեցիները վերադարձնելու Ներկայացուցիչներու տան կոչին:

Արցախի կապակցութեամբ, Հայ Դատի յանձնախումբը պիտի շարունակէ լուծումներ փնտռել՝ միաժամանակ ընդարձակելով ամերիկեան օժանդակութիւններու հոսքը դէպի Արցախ: Ցարդ այդ օժանդակութիւնը եղած է տարեկան երկու միլիոն տոլար: Նախորդ տարի Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին օժանդակութեանց ենթայանձնախումբը կոչ ըրած էր այդ գումարը հինգ միլիոն տոլարի հասցնելու, սակայն այդ մէկը կարելի չէ եղած իրականացնել: «Հայ Դատի յանձնախումբը պիտի շարունակէ պնդել, որ այդ հինգ միլիոնը հաստատուի վերջնականօրէն, ինչպէս նաեւ յաւելեալ գումարներ տրամադրուին Հայաստանի, առնուազն՝ քառասուն միլիոն տոլար», ըսաւ ան:

Չուլճեան նաեւ նշեց, որ Հայ Դատը պահանջած է կրճատել Ատրպէյճանի տրամադրուող Ամերիկայի ռազմական օժանդակութիւնները՝ նկատի ունենալով վերջինիս ռազմական մտադրութիւնները Հայաստանի եւ Արցախի նկատմամբ:

Օրակարգային հարց պիտի ըլլայ նաեւ սուրիահայութեան օժանդակութեան հարցը: Նախորդ տարի Քոնկրեսը կոչ ըրած էր արտաքին գործոց նախարարութեան, որ գումարներ հայթայթուին սուրիահայ գաղութին օժանդակելու համար, ըլլայ անիկա մարդասիրական օգնութիւն Սուրիոյ մէջ եղողներուն կամ Սուրիայէն հեռացածներուն, որոնք հիմնականին մէջ հաստատուած են Հայաստան:

Անդրադառնալով ամերիկահայ գաղութի ներքին հարցերուն՝ Չուլճեան նշեց, որ անոնք նման են բոլոր ամերիկացիներուն դիմագրաւած հարցերուն, սակայն աւելցուց, թէ ամերիկահայ գաղութը առաւելաբար հակուած է բարձրացնելու համահայկական խնդիրները:

comments