* To view this website properly, download the free Armenian font here »
Advertisement
Upcoming Events »
23 May , 2012: State of Origin at the Agoomp - Click here for details 26 May , 2012: Mayis 28 Dinner Dance with Joseph Krikorian - Click here for details 30 June , 2012: Classical Music Concert presenting Young Musical Talent - Click here for details 14 July , 2012: Reserved Date - Click here for details 04 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 05 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 11 August , 2012: Blackbird - The Official Launch - Click here for details 23 May , 2012: State of Origin at the Agoomp - Click here for details

Շեւրոն Կը Հակադարձէ ՀԵԴի Ցոյցերուն

Friday, 24 July 2009     |    |   

Source: Asbarez
Tags: chevron, usa, armenian genocide, genocide denial

ՍԱՆ ՌԱՄՈՆ, Քալիֆորնիա.- Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը Հինգշաբթի, Յուլիս 23ին տեղեկացուց, թէ ամերիկեան քարիւղի հսկայ ընկերութիւններէն «Շեւրոն»ը, հակադարձելով իր դէմ սկսած ՀԵԴի արշաւին՝ փորձած է արդարացնել Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացման նպաստող իր քայլերը եւ օգտագործել Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի իշխանութեանց կողմէ շարունակաբար գործածուող բառամթերքը:

Արդարեւ, ընկերութեան բանբեր Ճասթին Հիկզ յայտարարած է, թէ իր ընկերութիւնը ընդդիմացած է Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւի վաւերացման, որովհետեւ բանաձեւին վաւերացումը պիտի վատթարացնէր Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները, միաժամանակ աւելցնելով, թէ ընկերութիւնը նեցուկ կը կանգնի Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութեանց հասատատման, բան մը, որ պիտի նպաստէ շրջանէն ուժանիւթի արտածման աշխատանքներուն:


Իր կարգին, ՀԵԴի Սան Ֆրանսիսքոյի ուխտի ատենապետ Մէթ Սէնէքէրիմեան շեշտեց, թէ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ դիւանագիտական երկարատեւ յարաբերութիւնները կարելի պիտի ըլլայ հաստատել միայն ճշմարտութեան հիման վրայ, պնդելով, որ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին ընդդիմանալով՝ «Շեւրոն» ուղղակիօրէն կ՛օգտուի մէկ ու կէս միլիոն հայերու սպանութենէն: Ան նաեւ կ՛ազդարարէ, թէ ընկերութեան կարճատես այս մօտեցումը շրջանը աւելի անկայուն պիտի դարձնէ:


Շեւրոն կը հակադարձէր Չորեքշաբթի օր սկսած Սան Ռամոնի մէջ գտնուող ընկերութեան կեդրոնատեղիին, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու տարածքին գտնուող քարիւղի զանազան կայարաններուն առջեւ տեղի ունեցող ցոյցերուն:

Քոնկրէսին ներկայացուած Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին հեղինակներէն Էտըմ Շիֆ Չորեքշաբթի օր խստօրէն քննադատեց Շեւրոն»ն ու հինգ այլ ընկերութիւններ, որոնք մեղսակից են բանաձեւին դէմ Թուրքիոյ ի նպաստ տարուող աշխատանքներուն:

Չեմ կարծեր, որ ամերիկեան հսկայ ընկերութիւններ պէտք է մեղսակից ըլլան այլ երկրի մը կողմէ տարուող ցեղասպանութեան ուրացման արշաւին, որովհետեւ նման քայլ մը ոտնակոխում մըն է հանրութեանց շահերուն», ըսաւ ան:

Յայտնենք, թէ բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցան Սան Ռամոնի, Փասատինայի, Հոլիվուտի, Պըրպէնքի, Օրէնճ քաունթիի, Ֆրեզնոյի, Մէրիլէնտի, Ֆլորիտայի եւ Ֆիլատելֆիոյ մէջ:

Ցոյցերուն զուգահեռ, ընկերութեան տնօրէն Տէյվ Օ՛Ռայլիի ուղղուած բողոքի նամակներու արշաւ մը կը կատարուի, իսկ այս բողոքի արշաւին կապակցութեամբ համացանցային «Ֆէյսպուք» կայքին վրայ հաստատուած յատուկ խմբակի անդամներուն թիւը արդէն իսկ անցած է 1300ը:

Շարք մը տեղական թերթեր ու լրատուական գործակալութիւններ անդրադարձած են ցոյցերուն:

Փաստօրէն, Թուրքիա ոչինչ կը խնայէ իր պատմութեան մութ էջերը ծածկելու համար: Նման ընկերութեանց հետ գործակցութիւնը Թուրքիոյ ուրացման արշաւին նորագոյն տարբերակն է՝ ուրացման արշաւը տարածելով դէպի մեր համայնքները, քարիւղի մէկ կայարանէն միւսը», կը յայտնէ ՀԵԴի Արեւելեան Ամերիկայի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Թովմասեան:

Facebook   Twitter   Technorati   Stumble Upon   Digg   Linked In  

Comments



Post your comments

* mandatory fields.
For security purposes, please copy the following characters into the textbox. Captcha

Headlines

Advertisement